image
Հրատապ լուրեր:

Եթովպիացի երգիչի սպանութիւնը զայրոյթի ալիք կը բարձրացանէ...Մեծաթիւ կորուստներ

Եթովպիացի երգիչի սպանութիւնը զայրոյթի ալիք կը բարձրացանէ...Մեծաթիւ կորուստներ

Օրերս Եվթոպիայի մայրաքաղաք՝ Ատիս Ապապայի մէջ բարձրացած բողոքի եւ զայրոյթի ալիք մը, յայտնի երգիչ ու երգահան՝ Հաշալօ Հոնտիսայի սպանութեան հետեւանքով: Բողոքի ցոյցերն ու խռովութիւնները պատճառ դարձան 59 քաղաքացիներու սպանութեան:

 Աւելի ուշ  երկրի վարչապետ Ապի Ահմատ ելոյթ ունենալով, յայտարարած  է թէ «երգիչի սպանութիւնը ծրագրուած գործ էր, մեր ներքին ու արտաքին թշնամիներու կողմէ, խաթարելու մեր խաղաղութիւնը եւ խոչընդոտելու մեր սկսած գործը»:

 Իր կարգին ոստիկանութիւնը յայտարարած է թէ Հաշալօ սպանուած է ատրճանակով Երկուշաբթի, 29 Յունիսի երեկոյեան աւելցնելով  որ  ոճրագործութիւնը լաւ ձեւով ծրագրուած եղած է: Ըստ Ատիս Ապապայի ոստիկանապետին՝ կրցած են ձերբակալել քանի մը կասկածեալ:

Իսկ Եվթոպիոյ Դաշնային ոստիկանապետը՝ Անտիշօ ըսած է թէ երեք պայթումներ ցնցած են քաղաքը խլելով անմեղ զոհեր, սակայն մանրամասնութիւններ չէ տուած: Ան պարզած է թէ ոստիկան մը սպանուած է, երբ բախում տեղի ունեցած է Լրագրող Ճոհար Մուհամմատի պահակախումբին հետ:

Նշենք, որ Վարչապետը, Ճոհարն ու սպանուած երգիչը կը պատկանին Օրօմօ ցեղին, որ ամենամեծ թիւ ունեցող ցեղն ըլլալով հանդերձ, միշտ անտեսուած մնացած է երկրին մէջ, մինչեւ Ապիի վարչապետ նշանակուիլը 2018-ին:

Ըստ Անտիշօյին, ձերբակալած են Ճոհար Մուհամմատը եւ այլ քաղաքական գործիչներ:

Ճոհար, որ գլխաւոր աջակիցն էր Ապիի, դարձած էր  ուժեղ  ընդդիմադիրը:  

Ճոհար անդրադառնալով Հաշալոյի սպանութեան,  արտայայտուած է  իր ֆէյսպուքեան էջին  գրելով ՝ «Անոնք ոչ միայն Հաշալօն սպանեցին, այլ Օրօմօ ցեղին սիրտը խոցեցին: Կրնաք բոլորիս  սպանել, բայց չէք կրնար  կասեցնել  մեր երթը»:

Նշենք, որ Երգիչ Հաշալօն, անցեալ շաբաթ, Ճոհարի պատկանող կայանի մը հետ հարցազրոյցի ժամանակ, քննադատած էր Եվթոպիոյ իշխանութիւնները:

Երգիչի սպանութիւնը ոտքի հանած է  ժողովուրդը, մանաւանդ Օրօմօ ցեղի քաղաքներուն մէջ:

Բժշկապետ մը յայտարարած է թէ, Ատամա գիւղաքաղաքի հիւանդանոց հասած են 80-է աւելի վիրաւորներ եւ 8 մեռեալ:

Հրապարակուած տեսաերիզներով ի յայտ եկած է,  որ  Հաշալոյի յուղարկաւորութեան մասնակցած է մեծ բազմութիւն, եւ որ ուղեկցած է դիակին մինչեւ իր գիւղը՝ Ամպօ, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 100  քմ. հեռաւորութեան վրայ: