image

Փաքիստան նշած է իր կորուստներուն մասին

Փաքիստան նշած է իր կորուստներուն մասին

Փաքիստանի վրայ Հնդկաստանի յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է 31 մարդ, եւս 57 մարդ վիրաւորուած է: Այս մասին յայտնած է Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ահմետ Շարիֆ Չուտրին։ 

Այս ամէնու խորապատկերին, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհակ Տարը դատապարտած է Հնդկաստանի գործողութիւնները եւ յայտարարած, որ Իսլամապատը վճռական քայլեր պիտի ձեռնարկէ Նիւ Տելիի կողմէ հետագայ յարձակման պարագային։ Անոր խօսքով՝ Հնդկաստանը 24 հրթիռային հարուած հասցուցած է Փաքիստանի 6 թիրախներու ուղղութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, ֆրանսական հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան CNN-ին հաստատած է, որ հնդկական ռազմաօդային ուժերուն պատկանող առնուազն մէկ Rafale կործանիչ խոցուած Փաքիստանի կողմէ։ Սա առաջին դէպքն է, երբ ֆրանսական ժամանակակից ռազմական ինքնաթիռ խոցուած է մարտի դաշտի մէջ։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Փաքիստանը յայտարարած էր, որ խոցած է հնդկական ռազմաօդային ուժերու 5 կործանիչներ, այդ շարքին՝ 3 Rafale-ներ՝ ի պատասխան հնդկական հարուածներու: