image

«Ես գերմանացի զինուորները Ուքրանիա չեմ ուղարկեր». Շոլց

«Ես գերմանացի զինուորները Ուքրանիա չեմ ուղարկեր». Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը հաստատած է իր ղեկավարած կառավարութեան կտրական մերժումը գերմանացի զինուորականներ ուղարկել՝ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար։ Այս մասին յայտնած է dw.com-ը:

«Որպէս Գերմանիոյ դաշնային վարչապետ՝ ես մեր զինուած ուժերու զինուորները Ուքրաինա չեմ ուղարկեր», - ըսած է Շոլցը չորեքշաբթի՝ փետրուար 28-ի երեկոյեան հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ։

«ՆԱԹՕ-ն այս պատերազմի կողմերէն մէկը չէ եւ պիտի չըլլայ»,- ըսած է Շոլցը՝ նշելով, որ չուզեր, որ Ռուսիոյ պատերազմն Ուքրանիոյ դէմ «վերածուի պատերազմի Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ»։

Ան աւելցուցած է, որ Պերլինի դիրքորոշումն այս հարցով ճիշդ նոյնն է, ինչ իր դաշնակիցներունը։

«Իսկ սա կը նշանակէ՝ Գերմանիան պիտի չմասնակցի պատերազմին», – ընդգծած է Օլաֆ Շոլցը:

Եւրոպան այժմ կը քննարկէ, թէ ինչ կարելի է ընել Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին հակազդելու համար:  Գերմանիան իր գործընկերներու ու դաշնակիցներու հետ միասին պիտի աւելցնէ աջակցութիւնը Քիեւին։

«Այս պահուն ուքրանական խիզախ բանակը զինամթերքի եւ զէնքի ամենամեծ կարիքն ունի, յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան համար», -ըսած է Շոլցը:

Արեւմտեան երկիրներէն Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու հնարաւորութեան շուրջ քննարկումները եւրոպական երկիրներու մէջ աառաջացած են այս թեմայով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հնչեղ յայտարարութենէն ետք։

«Այսօր համաձայնութիւն չկայ ցամաքային զօրքեր պաշտօնապէս Ուքրանիա ուղարկելու հարցով, բայց ոչինչ կարելի չէ բացառել իրադարձութիւններու արագ զարգացման լոյսին տակ», -ըսած է ան Փարիզի մէջ Ուքրանիոյ օգնութեան հարցով գագաթնաժողովէն ետք, որ տեղի ունեցած է փետրուար 26-ին: