image

Ես եւ Հայրիկս՝ Ղաչախի ճամբան

Ես եւ Հայրիկս՝ Ղաչախի ճամբան

Վերադարձի ճամբուն ենք ես, պապաս ու երկու սեւ նայլոն տոպրակ։ Մէկուն մէջ կայ Levis-ը, միւսին մէջ՝ Dockside-ը։ Մանկական ուրախութիւնս անսահման է։ Ձեռքով-ոտքով պապային կը փորձեմ բացատրել ու համոզել, որ հինգ հարիւր սուրիականնոց ճինզը՝ Levis-ը, ամերիկեան է ու բերուած է Ամերիկայէն, իսկ առանձին-առանձին ծախուող Dockside կօշիկը շինուած ու բերուած է Իտալիայէն։

Պապաս ալ իր նոյն քաղցր ժպիտով ու ձայնով կը շարունակէր ըսել․ «Հա՛ տղաս, Ամերիկայէն է, պա ուրկէ՞ է»։

«Ուալլա պապա՛, կօշիկն ալ Իտալիայէն է։ Ատոր համար հինգ հարիւր է»։

«Հապա, տղա՛ս, Իտալիայէն է»։

Տարիներ անցան, ես ու գիտակցութիւնս մեծցանք, ու փոքրիկ սուտերը փուչիկի նման եկան ու անցան։ Միտքիս մէջն է մինչեւ այսօր պապայիս զգոյշ պատասխանները, որպէսզի յանկարծ փուչիկներս չպայթէին ու մանկական համոզումներս իրականութեան չհանդիպէին։ Երեւի գիտէր, որ ժամանակ մը յետոյ ես պէտք է այդ ամէնը հասկնայի ու ես՝ ինքս ճանչնայի իրականութիւնները։

Ճիշդ չեմ յիշեր՝ ինչ տարիքի էի, երբ ջղային ձեւով, մեծ տղամարդու նման սալոնին մէջտեղը կեցայ ու ոտքս գետնին զարնելով՝ յայտարարեցի․ «Ես այլեւս մամային հետ Թիլել պիտի չիջնեմ, որպէսզի ի՛ր ճաշակին հագուստ գնեմ։ Ես այլեւս ես ինծի՛ պիտի գնեմ իմ հագուստս»։

Քիչ մը դադար առի ու հայեացքս ուղղեցի հօրս (յետոյ կ՛ըսեմ՝ ինչո՞ւ) ու ըսի․

«Levis ճինզ կ՛ուզեմ եւ Dockside կօշիկ»։

Ձայնս բարձրացուցի, ջղայնացած ձեւացուցի ու արցունքներուս ալ հրաւէր ղրկեցի, որ իջնեն․ հիմա ժամանակն է արդէն։ Մամաս արդէն խոհանոց գացեր էր ու ամբողջ աս ֆիլմը ուղղուած էր, ինչպէս որ քիչ առաջ ըսի, պապայիս։ Պապաս կարծես ենթարկուեցաւ ու ազդուեցաւ իմ ֆիլմէս։

«Տղա՛ս, հապի՛պի, մի՛ ջղայնանար։ Վաղը կէսօրին ես եւ դուն կ՛իջնենք, որպէսզի առնենք այդ ուզածներդ։ Միայն հասկնամ՝ ո՞ւր կը ծախեն»։

Օգտագործելով ճիշդ պահը՝ մամայի բացակայութիւնը ու պապայի ազդուածութիւնը՝ մէկ անգամէն ըսի․ «Շալլալները, Ազիզիէ, մեծ մաշթալին դիմաց, փիցցա ծախող Հալան կայ, Սալլորան կայ՝ պաղպաղակ ծախող․․․․»

«Լա՛ւ-լա՛ւ, տղա՛ս, լա՛ւ, գիտցայ, գիտցայ։ Վաղը կ՛երթանք»։

Ապահովելու համար այս հրաշալի յաղթանակը՝ կրկնեցի․ «Ես ու դուն միայն, առանց․․․»

Պապաս ցած ձայնով կրկնեց․ «Այո՛-այո՛, տղա՛ս, միայն ես եւ դուն»։

Երկրորդ օրն ենք արդէն, կէսօրէ վերջ է։ Մաման ընտրեց անտեսելու քաղաքականութիւնը, իսկ ես ու հայրիկս ուղղուեցանք դէպի իմ երազանքը՝ Levis-ը ու Dockside-ը։

Քալելով կ՛երթանք։ Մետինաթ Մալահիին քովէն կը քալենք դէպի Գազիէթ Շամս, փողոցը անցանք․ անկիւնը Մետմաք ճաշարանն է, որուն քով առաջին անգամ փորձեցի Ճալլապ կոչուած հիւթը, կողքը՝ Հալէպի քլաս՝ բարձր-մակարդակաւոր հայկական ճաշարանն է՝ Ուանէսը, յետոյ պճլիկ փողոց մը, որ կը հասցնէ դէպի Փիցցա Հաուս, ատկէ վերջ՝ Ռիֆ ճաշարանը, յետոյ՝ դատարկ տարածք մը՝ մինչեւ միւս խաչմերուկը, որտեղ տեղաւորուած է հալէպցիներու պրոսթըտի սիրահարներու ամենահամով կեդրոնը՝ Պեյթ ալ Ախտարը։ Հա՛, ըսեմ, որ այստեղ պրոսթըտ առնելու համար թելեֆոնով պէտք է զանգէիր։ Բան մըն ալ յիշեցի. շատ համով էր այս խանութին զիկզակ փաթաթէսը՝ տապկուած գետնախնձորը։ Կողքը հրաշալի Շալլալ ճաշարանն է։ Ճիշդ հիմա ծաղկամաններով շինուած շղթային քովէն կ՛անցնիմ, որուն միւս կողմը նստած են ճաշարանին յաճախորդները։ Խաչմերուկ մըն ալ եւս, որուն փողոցը կը տանի դէպի Տելթա եւ Տանտանա ճաշարանները, Քուին ռեքորտինկը եւ Սոլիթեր քլաս սուվընիրի խանութը։ Երկու ճաշարան մնաց՝ Գարամը եւ Գորթոպան, ու կ՛աւարտի Հալէպի ամենահամով փողոցը։

Անկիւնն ենք, աջ կողմս Շալլալաթի վերջին քարէ հարթակը՝ Ղաչախի շուկան է։ Հոս հագուստի վերաբերեալ ամէն ինչ կրնաս գտնել՝ շապիկներ, ճինզեր, իւրայատուկ գազակներ, աւազանի համար սուղ համարուող Շոլ հողաթափը, պասքեթպոլիստներու մեծ ու գեղեցիկ սփատրիններ, փուլովըրներ․․․․

Կարեւորը՝ ես ու պապաս կեցած ենք Levis ծախող պասթային դիմացը. քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մըն է վաճառողը։ Ուզած ճինզս արդէն ձեռքս է, աչքերս ուշադիր կը ստուգեն ճինզի ետեւի կաշին․ Levis-ը յստակ գրուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ու քանի որ չափելու հնարաւորութիւն չկայ, երիտասարդը կը փորձէ թեւս՝ ափէն մինչեւ արմունկ, մտցնել տափատին մէջ ու նոյն ժամանակ իր աչքերը կը ստուգեն փողոցը՝ յանկարծ ոստիկանները չյարձակին։ «Շատ լաւ է, շատ լաւ է չափը, գոյնն ալ մոտայէն է», – ժպիտով ու ուրախութեամբ կը հաստատեմ երիտասարդին ըսածը՝ նայելով պապայիս։ Պապաս առանց արձագանգելու մէկ անգամէն կը հարցնէ․ «Ինչքա՞ն պիտի հաշուես մեզի։ Լաւ գին մը տո՛ւր, որ յաճախորդներդ ըլլանք»։ Այստեղ սիրտս կը սկսի դողդողալ։ Աս նախադասութիւնը վտանգաւոր է, աւելի ճիշդ, պազար բանալու միջոց է։ Ու պազար բանալը պապայիս գործը չէ։ Ասոր վարպետը մամաս է. ամէն անգամ հետը շուկայ իջնելուս՝ այս պազարին պատճառով կամ ամչնալէս կը մեռնէի եւ կամ ուզած հագուստս չէինք գներ։

«Հինգ հարիւր է, հաճճի՛։ Գինը աս է ամէն շուկան»։

Դողդողացող սրտով ու վախցած աչքերով կը նայիմ հօրս՝ հասկցնելու համար, որ «Հա պա՛պ, աս է գինը»։

Ու իսկապէս քաղցր պապաս, կարծես գիտակցելով իր անհմտութիւնը պազարի գործին մէջ, ձեռքը գրպանը կը նետէ ու կը հանէ հինգ հարիւր սուրիականի թուղթը, որուն ժողովրդական անունը այդ ժամանակ ապու-թարպուշ էր։

Չեմ գիտեր ուրկէ երիտասարդը սեւ նայլոն տոպրակ մը ճարեց, Levis-ը մէջը տեղաւորեց ու տուաւ ինծի՝ ըսելով․ «Ալֆ մապրու՛ք, մաալլլեմ»՝ հազար շնորհաւոր, վարպե՛տ։ Նոյն նախադասութիւնը, բայց շատ աւելի քնքուշ ու քաղցր լսեցի պապայէս․

«Հա՛ տղաս, ասի եղաւ։ Միւս ատ ըսած կօշիկիդ տեղը ո՞ւր է »։

Ուրախութիւնս անսահման է։ Ձեռքով-ոտքով պապային ցոյց կու տամ ուղղութիւնը դէպի ղաչախ շուկայի երկրորդ մասը՝ Փիցցա Հալլայի եւ պաղպաղակ Սալլորայի դիմացը, որտեղ, ըստ երեւոյթին, աւելի մասնագիտացած էին կօշիկ ծախելով։ Արդէն ուզած Dockside-իս առջեւն եմ։ Նոյն՝ քիչ առաջուայ զգոյշ երիտասարդին նման երիտասարդ մըն է ծախողը։ Առջեւը ունի քսան հատ կօշիկ՝ ամէն մէկ զոյգին մէկը միայն, ու բոլորն ալ կապուած են մէկ թելով։ Միւս զոյգը յաճախ մաշթալին մէջ ինչ-որ տեղ պահած կ՛ըլլային։ Dockside-ի աջ կօշիկը ձեռքս է. ինքն է, ուզածս՝ բաց մոխրագոյն։ Չափեցի, սիրեցի, ու հիմա եկաւ քիչ առաջուայ սարսափի պահը։

«Հա՛, մուալլե՛մ, քանի՞ պիտի հաշուես մեզի ասի։ Լաւ գին մը տո՛ւր, որ յաճախորդներդ ըլլանք»։

«Հինգ հարիւր է, հաճճի՛։ Մէջը բան մը չկայ, ամէն շուկան աս է»։

Պապաս պահ մը կեցաւ, սիրտս արագ կը զարնէ կոր, աչքերով կը փորձեմ իրեն հասկցնել․ «Պապա՛, աս է գինը»։

Երիտասարդը կը միջամտէ․ «Հաճճի՛, եթէ յարմար է՝ ըսէ, որ ասոր զոյգը բերեմ»։ Ուժերս կը հաւաքեմ ու աւելի կը ժպտամ պապայիս դէմքին․ «Հա՛ պապ, յարմա՛ր է»։

Վերջապէս քաղցր պապաս երիտասարդին կ՛ըսէ․ «Բե՛ր, բե՛ր ասոր զոյգը, բայց սխալ չբերե՛ս հա՝ Dockside, թիւ երեսունինը, բաց մոխրագոյն, ձախը»։

Ու իսկապէս հինգ վայրկեան յետոյ ուրիշ պզտիկ երիտասարդ մը կը յայտնուի մեր առջեւ ու մեծ երիտասարդին կը փոխանցէ կօշիկիս ձախը։ Պապաս նույն շարժումով կը հանէ ապու-թարպուշը ու կը փոխանցէ երիտասարդին։

Վերադարձի ճամբուն ենք ես, պապաս ու երկու սեւ նայլոն տոպրակ։ Մէկուն մէջ կայ Levis-ը, միւսին մէջ՝ Dockside-ը։ Մանկական ուրախութիւնս անսահման է։ Ձեռքով-ոտքով պապային կը փորձեմ բացատրել ու համոզել, որ հինգ հարիւր սուրիականնոց ճինզը՝ Levis-ը, ամերիկեան է ու բերուած է Ամերիկայէն, իսկ առանձին-առանձին ծախուող Dockside կօշիկը շինուած ու բերուած է Իտալիայէն։

Պապաս ալ իր նոյն քաղցր ժպիտով ու ձայնով կը շարունակէր ըսել․ «Հա՛ տղաս, Ամերիկայէն է, պա ուրկէ՞ է»։

«Ուալլա պապա՛, կօշիկն ալ Իտալիայէն է։ Ատոր համար հինգ հարիւր է»։

«Հապա, տղա՛ս, Իտալիայէն է»։

Տարիներ անցան, ես ու գիտակցութիւնս մեծցանք, ու փոքրիկ սուտերը փուչիկի նման եկան ու անցան։ Միտքիս մէջն է մինչեւ այսօր պապայիս զգոյշ պատասխանները, որպէսզի յանկարծ փուչիկներս չպայթէին ու մանկական համոզումներս իրականութեան չհանդիպէին։ Երեւի գիտէր, որ ժամանակ մը յետոյ ես պէտք է այդ ամէնը հասկնայի ու ես՝ ինքս ճանչնայի իրականութիւնները։

Սաղաթէլ Պասիլ

Նիւթը՝ «Տարբերակ 21»էն

Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախն...