Եթէ տաս-քսան տարիներ առաջ առաջատար երկիրներու տնտեսվարները խօսէին այլընտրանքային ներուժ ունենալու գաղափարին մասին, շատեր ոչ միայն զարմանքով պիտի ընդունէին, այլ նաեւ պիտի ընդդիմանային, որ կարելի պիտի ըլլայ քարիւղին կամ կազին, առահասարակ՝ նաւթին այլընտրանքներ ունենալ։
Այսօր սակայն այդպէս չէ իրավիճակը, որովհետեւ աւելի քան տարիէի ի վեր տարբեր ոլորտներու մէջ «եղափոխութեան» պատճառ հանդիսացող նաւթը «բարիքներ» բերելէ բացի իր հետ բերած է ապականութեան, ժխտական փոփոխութիւններու ամբողջ «համակարգ» մը, որմէ մարդկութիւնը յարգելի եւ հասկնալի պատճառներով սկսած է «խորշիլ»։
Ու ճիշդ այս հասկացողութիւնն է, որ մղումը դարձաւ նոյն այդ տնտեսվարներուն, որոնք առաջ կը մղէին նաւթի հարստութիւնը եւ օգուտները այսօր աստիճանով փոխել իրենց ընկալումները եւ զարկ տալ նոր ներուժ ունենալու գաղափարներուն։ Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ «Հարկը կը լուծէ օրէնքը» եւ այսօր համայն մարդկութիւնը կանգնած է կարեւորագոյն փուլի մը ընդառաջ։
Այն իմաստով նախ պէտք է յղացումը կատարուի այն «գործիքներ»ուն, որոնք ներուժը պիտի ունենայ, ոչ միայն հասարակութեան կեանքը բարեփոխելու, այլ նաեւ ստեղծելու այնպիսի միջոցներ, որոնք նուազագոյնի պիտի իջեցնեն նաւթի օգտագործման միջոցները։
Այս մօտեցումը անշուշտ հիմնուած է ապահով եւ մաքուր միջավայր ստեղծելու մտայղացքով, սակայն կիզակէտը միայն միջավայրը կամ ապականումը չէ, այլ կիզակէտն ու յղացքը տնտեսական նոր եւ անվտանգ համակարգ մը կերտելու ընթացքն է, որուն մէջ առաջնային դեր պիտի ունենան մետաղները ու այդ մետաղներու «թագուհի» համարուող՝ պղինձը։ Այսքանը նշելէ ետք հարկ է հաշուի առնել մեր երիր Հայաստանի ունեցած հարստութիւնը այդ մետաղներուն առընթեր ու առաջ շարժուիլ այդ հիմնարար սկզբունքներով։ Ի դէպ Նոյն այս մօտեցումներուն մասին օրերս ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլին։
Ան խօսած է Հայաստանի միջազգային հանքարդիւնաբերական ժողովին (որ տեղի ունեցաւ անցնող Սեպտեմբերին հայրենի Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ) ընթացքին առաջ բերելով շատ հետաքրքրական շեշտադրումներ, թիւեր ու փաստեր հնչեցնելով , որոնք թերեւս Հայաստանի տնտեսութեան ուղղութիւնները նախանշելու համար կրնան կողմնորոշող ըլլալ։ Խուտոլի մասնաւորապէս ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստը, թէ պղինձը անհրաժեշտ է կանաչ տնտեսութեան անցնելու համար։ Անոր խօսքերով, պղինձի պահանջարկը կ’աճի աշխարհի մէջ ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան պատճառով, որովհետեւ ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան մէջ կարիքը կայ միջին հաշուով 4 անգամ աւելի պղինձի , քան ներքին շարժիչով ինքնաշարժներու արտադրութեան։ «Մինչեւ 2050 թուական ինքնաշարժներու ելեկտրականացման ընդհանրական նպատակին հասնելու համար պղինձի համաշխարհային արտադրութիւնը, ըստ տարբեր հաշուարկներու պէտք է աւելնայ 80 տոկոսով։ Այս կը նշանակէ մօտաւորապէս 195 նոր պղինձի արտադրութեան նախագիծերու իրականացում ամբողջ աշխարհի մէջ՝ աջակցելու միայն ելեկտրական մեքենաներու արտադրութեան պահանջին։ Սակայն, վերջին 20 տարիներու ընթացքին ամբողջ աշխարհին շահագործման յանձնուած է պղինձի ընդամէնը 34 նոր հանքավայրեր որ 5 անգամ պակաս է, քան այն, ինչ որ անհրաժեշտ է յառաջիկայ 25 տարիներուն՝ միայն ելեկտրական մեքենաներու արտադրութեան համար»,– նշած է ան։ ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէնի խօսքերով, ելեկտրական մեքենաներու, արեւային գործարանատէրերու, հողմային գործիքներու արտադրողները արդէն ահազանգ կը հնչեցնեն, որ անցման համար բաւականաչափ աղբիւրներ պարզապէս չեն գտնուիր։ «Ի զուր չէ, որ աշխարհի առաջատար ինքնաշարժներու ընկերութիւնները սկսած են ներդրումներ կատարել հանքարդիւնաբերութեան, մասնաւորապէս պղինձի ոլորտին մէջ, որովհետեւ ան այժմ կը համարուի ամենակարեւոր անցումային նիւթերէն մին։ Աղբիւրներու համար մրցակցութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի ընկերութիւններու եւ երկիրներու՝ իրենց աղբիւրները հնարաւորինս արդիւնաւետ ձեւով օգտագործելու կարողութիւնը: Անցումը դէպի կանաչ տնտեսութիւն մեծ հնարաւորութիւն է այն երկրներուն համար, որոնք նախապէս աւելի քիչ մրցունակ էին ածխաջրածին արտադրող երկիրներու համեմատ: Անցումային մետաղները, ներառեալ ՝ պղինձը, քարիւղ ու կազ կրնան դառնալ այս երկիրներուն՝ այս պարագային Հայաստանի համար»,– ըսաւ Խուտոլի։
Խուտոլի նշած է, որ հանքարդիւնաբերութիւնը ինքնին տինամիք փոխուող եւ արհեստագիտութեամբ զարգացող արդիւնաբերութիւն է, որ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ երկիրներու եւ ընկերութիւններու համար։
«Հարուստ հանքավայրերու սպառումը, թոյլ երկրաբանական հիմը եւ տինամիք զարգացող արուեստագիտութիւնը որակապէս կը փոխէ աղբիւրներու հանդէպ վերաբերմունքը: 30 տարի առաջ 0,5%-է պակաս մետաղի պարունակութեամբ հանքավայրերը զարգացման համար ոչ հեռանկարային կը համարուէին։ Այսօր պղինձի 0.2-0.4% պարունակութեամբ հանքավայրերը համաշխարհային պղինձի արտադրութեան հիմքն են։ Կառավարութիւններու եւ ընկերություններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ գործընկերութիւնը՝ աղբիւրներու հասանելիութեան եւ երկրաբանական հետախուզական ծրագիրներուն մէջ ներդրումներու հետ առնչուած հարցերու համատեղ լուծումներու համար մեծ նշանակութիւն ձեռք կը բերեն:
Անոր խօսքով, հետախուզական ծրագիրներու 1%-է պակասը կը վերածուի գործող հանքարդիւնաբերական ծրագրի:
Հազար երկրաբանական հետախուզական ծրագիրներէն միայն 10-ը, ուշ կամ կանուխ, պիտի դառնան հանքարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ: Հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններու համար հետախուզական երկրաբանութիւնը կը նշանակէ ներդրում, որու յաջողութեան հաւանականութիւնը 1%- է պակաս է: Միեւնոյն ժամանակ, աշխարհի մէջ հետախուզման արտօնագրէն մինչեւ արդիւնահանում եւ արտադրութիւն, միջին հաշուով առնուազն 15 տարի կը տեւէ։ Այս, թերեւս, կորուստի հաւանական առեւտուրի ներդրումն է աշխարհի մէջ:
Նոյնիսկ աշխարհի առաջատար ընկերութիւնները չեն կրնար իրենց թոյլ տալ նման զարգացման առանց համագործակցութեան, առանց պետական աջակցութեան», – ընդգծած է ան:
Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը կը կարծէ որ Հայաստանի ռազմավարական ապագային համար պարզապէս անհրաժեշտ է ընդերքի երկրաբանական ուսումնասիրութեան պետական ծրագիր։
«Նոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր մօտեցումներ, եւ այդ առաջին հերթին նոր արուեստագիտութեան կիրառումն է, որ համապատասխանաբար կը հենի գիտութեան, ինչպէս նաեւ արուեստագիտական սարքաւորումներու արտադրութեան վրայ: Թուայնացման, մեքենական, արուեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան օգտագործումը այլեւս ապագան չէ, այլ մրցունակ ըլլալու միակ միջոցը»,– ըսած է Ռոման Խուտոլի։
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը
Օգտուած ենք՝ «Ընդերքից բարձունքներ» խորագրեալ ամսագրէն։