image

Երուսաղէմի Աթոռը կը հերքէ «Գեղարդ» թերթի տարածած ապատեղեկատւութիւնը

  Երուսաղէմի  Աթոռը  կը հերքէ «Գեղարդ» թերթի տարածած ապատեղեկատւութիւնը

Կարծէք չէին բաւեր հայաշխարհի ու Հայաստանի ապրած ցաւերը, նոր օրակարգ մը աւելցաւ մեր տեսադաշտին։ 

    Գանատայէն հրապարակուող «Գեղարդ» առցանց հարթակը տեղ տուաւ անճիշդ եւ ոչ հիմնաւորեալ տեղեկութիւններու   ( Գեղարդ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածը ստորագրած էին ՝ Յակոբ Վարդերեսեան եւ Յովսէփ Մարգարեան)  , ըստ որոնց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը «անհասկնալի» եւ Սուրբ Աթոռին ու առհասարակ հայկական համայնքին շահերը չյարգող եւ նոյնիսկ կասկածելի գործարք մը կնքած է։ 

 Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին պատասխանը չէր ուշանար եւ այս առումով ալ Պատրիարքարանի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ այս առաւօտ կը հրապարակուէր (անգլերէն լեզուով)  խնդրին շուրջ ներկայացուած համապարփակ զեկուցական մը, որուն հեղինակն է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Կալուածոց Տեսչութեան պատասխանատու ՝ Տ. Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեան։

 

 Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ որոշ հատուածներ Պատրիարքութեան կողմէ հրապարակուած զեկուցագրէն (Հարկ է նշել, որ Պատրիարքութեան կողմէ ներկայացուած  զեկուցագիրը  ներկայացուած է անգլերէն  լեզուով եւ   այն   հայերէնի  վերածած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։)։

Ըստ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի բացատրութիւններուն, խնդրոյ առարկայ «Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի մեծամասնութիւնը շուրջ 50 տարիէ ի վեր վերածուած է աղբանոցի։ Մնացեալ փոքր հատուածը Հայկական թաղամասի բնակիչներու կողմէ կ՚օգտագործուի՝ որպէս աժան գիներով կայանատեղի՝ ինքնաշարժներու համար։ Մէկ կողմէ տարածքը նոյնիսկ չէ ցանկապատուած, իսկ միւս կողմէ այդ կայանատեղին ապօրինի է, չունի պաշտօնական թոյլտուութիւն ու բոլոր կանոններու ու չափանիշներու ներհակ վիճակ մը կը պարզէ։ Կալուածոց տեսուչ հայր սուրբը բացատրած է, որ Երուսաղէմի քաղաքապետութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է այս տարածքի պարագային։ Այսպէս, քաղաքապետարանը ընդունած է Պատրիարքարանին միջոցներ տրամադրել՝ «Կովերու պարտէզ»ի տարրական բարեկարգման ծախսերը դիմագրաւելու նպատակով։ Այսպէս, 6.5 միլիոն շեքել նախատեսուած է, որպէսզի տարածքէն ներս կուտակուած աղբերը փոխադրուին, տարածքը ցանկապատուի եւ այնտեղ այժմու 90-ին փոխարէն՝ 180 ինքնաշարժներու տարողութիւնով կայանատեղի մը ստեղծուի։ Նոյն գումարով տակաւին բաժին նախատեսուած է պեղումներու համար, որովհետեւ, խօսքը կը վերաբերի տարածքի մը, որ վաղեմի պատմութիւն ունի։ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան շեշտած է, որ Պատրիարքարանը այս հողամասի տիրապետման ու վերահսկողութեան լիակատար իրաւունքը կը պահէ բոլոր ժամանակներուն։ Սա երաշխաւորուած է, նաեւ յաչս քաղաքապետարանին, Պատրիարքարանը այս կտրուածքով տրազերծ դարձած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ տեսուչ հայր սուրբին, այդ համաձայնութիւնով նախատեսուած են այլ հանգամանքներ։ Պատրիարքարանին իրաւունք վերապահուած է համաձայնութիւնը ջնջելու եւ այդ պարագային քաղաքապետարանը յանձն առած է թոյլտուութիւն տալ՝ ապահովելու համար այնտեղ պանդոկի մը կառուցումը։

 

Հաղորդագրութենէն կարելի է հետեւցնել, որ այս հիման վրայ յառաջ կը տարուի պանդոկի վերաբերեալ գործարքը։ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան դիտել տուած է, որ պանդոկի կառուցման վերաբերեալ համաձայնագիրը կնքուած է Արաբական Միացեան Էմիրութիւններէ ընկերութեան մը հետ։ Իր խօսքով՝ նախատեսուած վարձավճարը անբաղդատելիօրէն բարձր պիտի ըլլայ այսօրուան գիներէն։ Պատրիարքարանը պիտի կարողանայ հարիւր հազարաւոր ամերիկեան տոլարի մակարդակով եկամուտներու տիրանալ։ Գործարքի նախաձեռնողը ստանձնած է տարածքը, կալուածը պաշտօնապէս Հայոց Պատրիարքութեան անունով արձանագրելու պարտաւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ այս նիւթին շուրջ օրակարգի վրայ բերուած այլ պնդումները Պատրիարքարանին վնաս հասցնելու նպատակը կը հետապնդեն։

 

Տեսուչ հայր սուրբը դիտել տուած է, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնն ու Սուրբ Աթոռի տնօրէն ժողովը օրհնութիւն եւ հաւանութիւն տուած են այս նախագծին համար։

 

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ջանք չեն խնայեր, որպէսզի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան համար կայուն ու մշտական եկամուտի աղբիւրներ ապահովուին։ Իսկ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային անոնք երկար ժամանակ ծայրայեղ զգուշութիւն ցուցաբերած են՝ խուսափելու համար Սուրբ Աթոռի սեփականութեան իրաւունքը վտանգելիք ամէն տեսակ հաւանականութենէ։