image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան ըսած է «Պէտք է դաս տալ Իսրայէլին»

Էրտողան ըսած է  «Պէտք է դաս տալ Իսրայէլին»

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ: Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, նախագահները անդրադարձած են իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութեան, եւ Էրտողան յայտարարած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է դաս տայ Իսրայէլին՝ Պաղեստինի վրայ յարձակելուն համար:

«Ես հեռախօսազրոյց ունեցած եմ Իրանի նախագահ՝ Հասան Ռոհանիին հետ, քննարկած ենք Իսրայէլի յարձակումը Պաղեստինի դէմ եւ յարաբերութիւնները Իրանի ու Թուրքիոյ միջեւ: Ընդգծած եմ, որ Թուրքիան առաւել կոշտ կ'արձագանգէ Իսրայէլի յարձակման, ինչպէս նաեւ ընդգծած եմ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուժեղ եւ զսպող դաս տայ Իսրայէլին»,- ըստ աղբիւրին, իր թելեկրամեան ալիքով գրած է Էրտողան:

Էրտողան ընդգծած է նաեւ Պաղեստինի հարցով իսլամական երկիրներու ջանքերը միաւորելու անհրաժեշտութիւնը: