Էրտողան իր ելոյթին մէջ հիաuթափnւթիւն յայտնած է Միցոթաքիսին եւ ընդգծած, որ Յունաստանի վարչապետի այն յայտարարութիւնը, որ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ պէտք է լուծուին երկու երկիրներու մէջ եղած խնդիրները, միայն Յունաստանի դիրքորոշումն է, ոչ թէ թուրքերու:
«Միցոթաքիսը մարտահրաւէր կը նետէ ինծի՞: Ինչպէ՞ս պէտք է մենք հանդիպինք եւ լուծենք այդ խնդիրները, երբ ան ինծի այսպիսի մարտահրաւէր կը նետէ: Միցոթաքիս, դուք լաւ գիտէք ձեր տեղը, եթէ խաղաղութիւն կը փնտռէք, զիս այլեւս մի խանգարեր, գիտցի՛ր քու սահմաններդ, թէ ոչ, այդ կը նշանակէ, որ դուք ոտքով կը հարուածէք բանակցութիւններու սեղանին եւ յետոյ կը փախիք անկէ:
Մենք այսպէս չենք պատրաստուիր նոյն սեղանի շուրջ նստիլ ձեզի հետ: Այն, ինչ դուք կ'ընէք կղզիներուն մէջ ակնյայտ է. ո՞վ է ձեզի այդքան վստահութիւն տուողը: Կը հաւատա՞ք, որ ինչ-որ տեղէ կրկին աջակցութիւն պիտի ստանաք, եթէ կը հաւատաք, որ ձեզի կ'աջակցին՝ կը կարծեմ կը սխալիք:
Անկախ անկէ, թէ ուրկէ կու գայ ձեզի աջակցութիւնը, ապա գիտցէք՝ Թուրքիան կանգնած է բարձր, ամուր իր սեփական ոտքերուն վրայ եւ գիտէ թէ ինչ ընէ, երբ անհրաժեշտ է: Ես մէկ բան ալ կ'ուզէի յիշեցնել Միցոթաքիսին: Դուն կը վստահիս որոշ լեռներու վրայ գտնուող երկիրներու, բայց այդ լեռները ծածկուած էին ամբողջովին ձիւնով, անոնցմէ ոչ մէկ օգուտ կը ստանաք, բայց մենք մեր որոշումները կ'ընդունինք ինքնուրոյն եւ կը կայացնենք մեր սեփական ցանկութեամբ, ուստի դուք լաւ գիտէք խենթ թուրքերուն եւ թէ մենք ինչ կրնանք ընել:
Յիշեցնենք , որ օրեր առաջ Միցոթաքիսը եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը համատեղ դիրքորոշում յայտնած են Կիպրոսի խնդրի վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ 1974-ի թուրքիան ներխnւժեց Կիպրոս, որ յանգեցուց 200,000 փախuտականի եւ հազարաւոր զnհերու: