image

«Երկիր մը պէտք է յիշէ իր նիւիրեալները» Վ. Փութին

«Երկիր մը պէտք է յիշէ իր նիւիրեալները» Վ. Փութին

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 1 փետրուարին ծաղիկներ դրած է Պորիս Ելցինի շիրիմին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Կոմսոմոլսկայա պրաւտան»,
Փութին նշած է, որ երկիրը պէտք է յիշէ այնպիսի մարդոց մասին, ինչպիսին Ռուսաստանի առաջին նախագահն էր:

«Յետին հաշուով բոլորը խելացի են, սակայն երբ իրադարձութիւնները կը կուտակուին ձնագունդի պէս, այդ ամբողջովին այլ իրավիճակ է: Պորիս Նիկոլային երբեք չէ խուսափած պատասխանատւութենէն: Զինք առանձնացնողը այն էր, որ երբեք չէր վախնար պաստասխանատւութիւնն իր վրայ վերցնելէ, ինչպէս իր քայլերու, այնպէս ալ երկրի ճակատագրի համար»,- ընդգծած է Վլատիմիր Փութինը՝ աւելցնելով, որ ինքն ալ երբեք չի մոռնար անոր:  

ՌԴ առաջնորդը յիշեցուցած է, որ Ելցինը երկիրը ղեկավարած է պատմութեան ամենաբարդ ժամանակահատուածներէն մէկուն, երբ դրուած էր Ռուսաստանի՝ որպէս անկախ միասնական եւ ամբողջական երկրի գոյութեան հարցը»:

Նշենք, որ երէկ Մոսկուայի մէջ ոգեկոչման միջոցառումներ  տեղի ունեցած են Ելցինի 90-ամեակի առթիւ: