image

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան չի պատրաստուիր հրաժարիլ

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան չի պատրաստուիր հրաժարիլ

Հրաժարական տալ չեմ պատրաստուիր, ես խոստումներ տուած եմ ժողովուրդին եւ քայլ առ քայլ կը կատարեմ անոնք: Այս մասին 9 փետրուարին Երեւանի աւագանիի նիստէն ետք հարցուպատասխանի ժամանակ ըսած է քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը: Անդրադառնալով իր Չեխիայի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուելու մասին լուրերուն՝ ան հեգնանքով նշած է. «Մինչ Չեխիան դեսպան էի նշանակուել ԱՄՆ-ում եւ պատրաստւում էի ընդունել Ճափոնիայում դեսպանի պաշտօնը»:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Մարկոս Յարութիւնեանը խնդրած է Մարութեանէն, որ աշխատանքէն ազատուելու պարագային աւագանին լուծարելու միջոց գտնէ, քանի որ անոր ոչ մէկ ներկայացուցիչ արժանի է զբաղցնելու Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը:

Ան նաեւ կոչ ըրած է քաղաքապետին խոստովանիլ, որ, ի տարբերութիւն իրեն, նախկին իշխանութիւնները կառուցած են 10 նոր բազմաբնակարան շէնքեր եւ լուծած են 20-30 վթարային շէնքերու խնդիրը, իսկ ինքը կը փորձէ իր վրայէն հանել Երեւանի խնդիրներու լուծման պատասխանատւութիւնը: