image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ երկրաշարժը զգալի դարձած է գրեթէ ամէն տեղ

Երեւանի մէջ երկրաշարժը զգալի դարձած է գրեթէ ամէն տեղ

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ 13 փետրուարին տեղական ժամանակով ժամը 15:29-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 11:29-ին) գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.11⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.54⁰ աշխարհագրական չափագրումներով` Հայաստան` Երեւան քաղաքէն 8 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 աստիճան:

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն, երկրաշարժը զգացուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 աստիճան ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէ'` 3-4 աստիճան ուժգնութեամբ: