Օրեր առաջ արտառոց դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
shamshyan.com-ի հաղորդմամբ փետրուար 7-ին ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի համայնքային ոստիկանութեան բաժանմունք տեղեկութիւններ ստացուած են, որ «Միքայէլեան վիրաբուժութեան ինստիտուտ» ընդունուած է բուժառու մը։
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, հիւանդանոց մեկնած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի հերթապահ խումբը՝ համայնքային ոստիկանութեան բաժանմունքի պետի գլխաւորութեամբ։
Պարզուած է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Կոտայքի մարզի բնակիչ 67-ամեայ Մարիեթա Ա․-ն, որ ընդունուած է «ձախակողմեան լարուած պնովոթարկ (լանջաթաղանթի մէջ օդի կուտակում) շնչառական անբավարարութիւն» ախտորոշմամբ։
Ոստիկանները պարզած են, որ ան վնասուածքը ստացած է Երեւանի Օրբելի եղբայրներ փողոցի վրայ գործող «Քուրորթաբանութեան եւ ֆիզիկական բժշկութեան գիտահետազօտական ինստիտուտ»-ի մէջ Երեւանի բնակիչ 62-ամեայ Յասմիկ Կ․-ի կողմէ կատարուած ասեղնաբուժութեան ժամանակ վերջինիս անփութութեան հետեւանքով։
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր ձեւակերպուած են, որոնք փոխանցուած են Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Արաբկիրի քննչական բաժին։ Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ Յասմիկ Կ․-ն բժշկուհի է։