Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին հրամանագրով Մոհամմատ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանին նշանակած է Սուրիոյ հարցերով իր յատուկ բանագնաց։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:
Հրամանագիրը կ՚ընդգծէ Սուրիոյ նշանակութիւնը՝ որպէս Արեւմտեան Ասիոյ առանցքային երկիր, եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանային անվտանգութեան համար։
«Սուրիան կարեւոր երկիր է Արեւմտեան Ասիոյ մէջ. Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ընդունելով Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ հանգստութեան կարեւորութիւնը եւ ատոր ազդեցութիւնը տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վրայ, կ՚ընդգծէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման եւ սուրիացի ժողովուրդի կամքն ու ձգտումները յարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ առանց իր ճակատագրի որոշման հարցով օտարերկրեայ միջամտութեան կամ ներկայութեան», -ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Գերատեսչութենէն նաեւ յայտնած են, որ Մոհամմատ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանիին յանձնարարուած է խորհրդակցիլ բոլոր համապատասխան կողմերու, այդ շարքին՝ տարածաշրջանի բարեկամ երկիրներու հետ, կատարէ իր պարտականութիւնները եւ արդիւնքները պարբերաբար զեկուցէ արտաքին գործոց նախարարին: