Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան կոչ ըրած է չեղարկելու Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները։ Այս մասին յայտնած է Al-Ekhbariya հեռուստաալիքը։
«Մենք ընդգծեցինք Սուրիոյ նկատմամբ կիրառուած միակողմանի եւ միջազգային պատժամիջոցներու վերացման կարեւորութիւնը, քանի որ ատոնց շարունակումը կը խոչընդոտէ սուրիացի ժողովուրդի զարգացման եւ վերականգնման հասնելու ձգտումները»,-ըսած է ան։
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կոչ ըրած է շարունակելու մարդասիրական եւ տնտեսական աջակցութիւնը Սուրիոյ եւ ընդգծած երկրի միասնութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման կարեւորութիւնը: