image

Երեւան AMAA-ի կեդրոն. Ի յիշատակ Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի

Երեւան AMAA-ի կեդրոն. Ի յիշատակ Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի

Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն ի յիշատակ Հայ Աւետարանական Համայնքի տիտանական անուններէն հանդիսացող Վեր. Մովսէս  Ճանպազեանի։

Ստորեւ «Արեւելք» ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  եղելութեան մասին ԱՀԱԸ-ի  պաշտօնական էջին կատարած գրառումը, միշտ յիշեցնելով եւ յիշատակելով, որ Վեր. Ճանպազեան կոթողային դեր ունեցած է նորանկախ Հայաստանի մէջ Հայ Աւետարանական  եկեղեցւոյ վերընձիւղման  աշխատանքներուն մէջ։

AMAA-ի Երեւանի գրասենեակի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ ի յիշատակ կազմակերպութեան նուիրեալ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանբազեանի, որ 1982-2000 թթ., որպէս AMAA-ի գործադիր տնօրէն, իր անուրանալի աւանդն ունեցած է Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան հիմնադրման եւ առաքելութեան բարեյաջող իրագործման մէջ։ 

Արարողութեան ընթացքին նուիրեալի գործունէութեանն անդրադարձան AMAA-ի համայնքի ներկայացուցիչները, ղեկավար կազմը եւ Մովսէս Ճանպազեանի տիկինը։