Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն ի յիշատակ Հայ Աւետարանական Համայնքի տիտանական անուններէն հանդիսացող Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի։
Ստորեւ «Արեւելք» ընթերցողներուն կը ներկայացնենք եղելութեան մասին ԱՀԱԸ-ի պաշտօնական էջին կատարած գրառումը, միշտ յիշեցնելով եւ յիշատակելով, որ Վեր. Ճանպազեան կոթողային դեր ունեցած է նորանկախ Հայաստանի մէջ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերընձիւղման աշխատանքներուն մէջ։
AMAA-ի Երեւանի գրասենեակի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ ի յիշատակ կազմակերպութեան նուիրեալ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանբազեանի, որ 1982-2000 թթ., որպէս AMAA-ի գործադիր տնօրէն, իր անուրանալի աւանդն ունեցած է Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան հիմնադրման եւ առաքելութեան բարեյաջող իրագործման մէջ։
Արարողութեան ընթացքին նուիրեալի գործունէութեանն անդրադարձան AMAA-ի համայնքի ներկայացուցիչները, ղեկավար կազմը եւ Մովսէս Ճանպազեանի տիկինը։