25 Հոկտեմբերին, ողբերգական ինքնաշարժի արկած տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:
Հոկտեմբերի 25-ին, ժամը 20:48-ին Արագածոտնի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Աշտարակ-Օշական ճանապարհին ինքնաշարժ մը կ'այրի։
Դէպքի վայր մեկնած Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Պարզուած է, որ «Mercedes-Benz» մակնիշի մեքենան բախած է ելեկտրական սիւնին, այնուհետեւ՝ ծառին եւ բռնկած։
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 21։17-ին։
Փրկարարները ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերած են երեք այրած դի։ Ուղեւոր Ա․ Ն-ն այրուածքներով տեղափոխուած է Աշտարակ քաղաքի հիւանդանոց, այնուհետեւ՝ «Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն»։