Երէկ Հալէպի մէջ զոհուած Գրիգոր Քահքէճեան (49 տարեկան) ազգականն էր սուրիական բանակի զինծառայող Յարութ Քահքէճեանին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ փոխանցեց, թէ նոյն տխուր ճակատագիրը կրող հալէպահայ հայորդիները զոհուած էին տարբեր պայմաններու տակ: Մինչ Յարութ անհետացած էր անցնող օգոստոսին Հալէպի մէջ տեղի ունեցող մարտերու ընթացքին ու ապա անոր մարմինը յայտնաբերուած էր քանի մը օր առաջ, անդին Գրիգոր Քահքէճեան զոհ կ'երթար երէկ հայաշատ Սուլայմանիյէ թաղամասը թիրախ դարձուցած հրթիռով մը: