Երէկ գիշեր սահմանին դարձեալ անհանգիստ վիճակ էր: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնպէս յայտնելով, որ երէկ գիշեր ազրպէյճանական կողմը առկայ հրադադարը խախտած է 40 անգամ, որուն ընթացքին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է 800 կրակոց եւ նետած 9 արկեր: Հայ սահմանապահները կրակ պատասխան տալով լռեցուցած են թշնամիի դիրքերը: