image

Պաքուի մէջ անհանգիստ են. Պատճառը Իրանի նախագահի վերջին յայտարարութիւններն են գլխաւոր

Պաքուի մէջ անհանգիստ են. Պատճառը Իրանի նախագահի վերջին յայտարարութիւններն են  գլխաւոր

Ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը նշած է Պաքուի անհանգստութեան մասին բրիտանական The Telegraph պարբերականի յօդուածէն, որու մէջ գրուած է, թէ Փեզեշքիանն առաջարկած է հարուածել իսրայէլեան կայանները Ատրպէյճանի մէջ։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները նախընտրած են, որ բրիտանական լրատուական միջոցներու այս տեղեկութիւնն անուանեն «ֆէյք» (կեղծիք)։

«Այս հաւաստիացումները, որոնք հնչած են Իրանի նոր նախագահ Փեզեշքիանի անունով, ի հարկէ, որոշ անհանգստութեամբ ընդունուած են Ատրպէյճանի մէջ։ Սակայն ինչպէս տեղեկացուցած են APA-ին Ատրպէյճանի պաշտօնական աբիւրներն, երկրի կառավարական շրջանակները կը կարծեն, որ այդ յայտարարութիւնը, որ տարածուած է Իրանի նախագահի անունով, ֆէյք է։ 

Ատրպէյճանական կողմը առհասարակ կը կարծէ, որ այդ ֆեյք է եւ ապատեղեկատուութիւն։ «Որոշ շրջանակներ սկսած են անհանգստանալ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ եւ կը ցանկան խափանել այդ գործընթացը։ Այն ֆոնին, որ Իրանի նոր նախագահն ատրպէյճանցի է եւ ջերմօրէն կը վերաբերի Ատրպէյճանին, կրնայ ըլլայ այն բանի հետեւանքը, որ Իրանի ներսը եւ անոր սահմաններէն դուրս ուժեր կան, որոնք կը ցանկան խափանել այդ յարաբերութիւնները։ Լաւ կ'ըլլար, եթէ իրանական կողմն արձագանգեր այդ հաւաստիացումներուն, հերքեր անոնք եւ վերջ դներ կասկածներուն»,- տեղեկացուցած են APA-ին աղբիւրներն Ատրպէյճանի իշխանական մարմիններուն մէջ։

Աւելի վաղ բրիտանական պարբերականը գրած էր, որ իրանցի զօրավարները կը պնդեն, որ Թել Աւիւին ուղիղ հարուած հասցուի, բայց նոր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան առաջարկած է հարուածել իսրայէլեան գաղտնի կայանները Իրանի հարեւան երկիրներուն մէջ։

Իրանի նոր նախագահը կը պայքարի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի կոշտ գիծին դէմ՝ փորձելով կանխել լիածաւալ պատերազմն Իսրայէլի հետ։

Իրանի իշխանութիւնները տարակարծիք են այն հարցով, թէ ինչպէս արձագանգել «Համաս»-ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյայի սպաննութեան Թեհրանի մէջ։ Վերջնական պատասխանատուութիւնը, թէ ինչպէս կ'արձագանգէ Իրանը, կ'իյնայ երկրի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ, այաթոլա Ալի Խամենէիի վրայ, գրած են բրիտանական լրատուական միջոցները։