Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսի նախընտրական շտապէն ներս հակասութիւններ կան հին եւ նոր աշխատակիցներու միջեւ, մթնոլորտը լարուած է, կը տեղեկացնէ Politico-ն։
Հարիսի հետ շտապ եկած քաղաքական ռազմագէտները ստանձնած են անոր քարոզարշաւը կազմակերպելու եւ ղեկավարելու գործը՝ այն պարագային, երբ արշաւը հիմնականին մշակուած է այն մարդոց կողմէ, որոնք աշխատանքի ընդունուած էին, երբ Պայտընն էր Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն։
Լարուածութեան կը նպաստէ նաեւ այն հանգամանքը, որ Հարիսի կողմնակիցները դժգոհ են շտապի մէջ Պայտընի որոշ օգնականներու շարունակական ներկայութենէն, Պայտընի ներկայացուցիչներն ալ իրենց հերթին «վեր»էն կը նային Հարիսին ու անոր կողմնակիցներուն:
Ըստ Politico-ին՝ խնդիրն իրականութեան մէջ բաւական լուրջ է՝ յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ընտրութիւններուն մնացած է 3 ամիս։