Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի Հիւրանոցային կառավարումի բաժնէն երեք շրջանաւարտներ մասնակցեցան Լիբանանի մէջ HORECA-ի 29-րդ ցուցահանդէսի մրցոյթներուն եւ վերադարձան պատուաբեր արդիւնքներով, անգամ մը եւս ապացուցելու վարժարանին գերազանցութիւնը:
«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն։
Լիբանանի մէջ HORECA-ի (Hotel, Restaurant, and Catering industry) 29-րդ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ, 8-11 Ապրիլ 2025-ին, BIEL-ի Seaside Arena սրահին մէջ։ Այս տարեկան մեծ ձեռնարկը կը համախմբէ հիւրանոցային կառավարման եւ սնունդի սպասարկման ոլորտներու մասնագէտները, ինչպէս նաեւ այդ մասնագիտութիւններով շրջանաւարտ դարձող ուսանողները։
Ցուցահանդէսը կը ներառէ մրցոյթներ՝ սրճարանավարներու, գինիի մատուցողներու եւ խոհարարներու միջեւ։
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի Հիւրանոցային կառավարումի ուսանողները 11 Ապրիլին այցելեցին HORECA եւ ծանօթացան սնունդի սպասարկման ոլորտի նոր
արտադրանքներուն եւ ապրանքանիշերուն։
Մեսրոպեան Արուեստիցի երեք շրջանաւարտներ մասնակցեցան այս տարուան մրցոյթներուն եւ վերադարձան շատ պատուաբեր արդիւնքներով՝ բարձր պահելով նաեւ մեր վարժարանին անունը։
Այդպէս՝ պաղ սենտվիչի պատրաստութեան մրցոյթին, Փիթըր Աբրահամեան արժանացաւ արծաթէ մետալին՝ գրաւելով երկրորդ դիրքը, իսկ Մհեր Աւետիքեան ստացաւ պրոնզէ մետալ՝ երրորդ դիրքին համար։ Միւս կողմէ, Հրաչ Պաղտասարեան յաղթեց տաք սենտվիչի պատրաստութեան մրցոյթը՝ շահելով առաջին մրցանակն ու ոսկէ մետալը։ Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները, որոնց յաջողութիւնը մեր հպարտութեան առիթն են։
Անհամբեր ենք տեսնելու մեր ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն մասնակցութիւնը այս հեղինակաւոր եւ օգտակար ցուցահանդէսին՝ յաջորդ տարի, որ պիտի կայանայ 24-27 Մարտին։