Եթէ ԱՄՆ-ն խուսափի անհնարին պահանջներէ, մենք կրնանք համաձայնութեան գալ. Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ, այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէիտ Ապպաս Արաքչին:
«ԱՄՆ-ի հետ անուղղակի բանակցութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ են, բայց դեռ վաղ է դատել: Մենք զգուշաւոր լաւատես ենք։ Եթէ ամերիկեան կողմը շարունակէ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել եւ խուսափի անիրատեսական եւ անհնարին պահանջներէ, ապա ես վստահ եմ, որ մենք, ի վերջոյ, կրնանք լաւ համաձայնութեան գալ», -ըսած է Արաքչին, որ այս օրերուն կը գտնուի Չինաստան:
Ան աւելցուցած է, որ Չինաստանը միշտ կառուցողական դիրքորոշումներ ունեցած է եւ աջակցած է տեղի ունեցող բանակցութիւններուն։ Արաքչիի խօսքով՝ Չինաստանը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու երկխօսութեան գործընթացին։