Ատրպէյճանը եւ Չինաստանը ստորագրած են Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հռչակագրի համաձայն՝ Ատրպէյճանն ու Չինաստանը պիտի համագործակցին շուրջ 20 ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ տիեզերքի հետախուզման, կանաչ ուժանիւթի զարգացման, մտաւոր սեփականութեան եւ թուային տնտեսութեան ոլորտներու մէջ։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պետական այցով մեկնած է Փեքին: