image

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «վերածնոնւդը». այն վերստին մարդաշատ է

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «վերածնոնւդը». այն վերստին մարդաշատ է

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն պատմական եկեղեցին խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Ս. Զատկուայ տօնի առիթով ներկայ գտնուելու տօնական Ս. Պատարագին։ Այն վերստին կենդանացած, վերագտած է իր դերը ո՛չ միայն որպէս պատմական կառոյց, այլեւ որպէս աղօթավայր՝ Պոլսոյ հայ համայնքի համար։

Մինչեւ երեք տարի առաջ այս մեծ աղօթավայրը գրեթէ դատարկ կը մնար նոյնիսկ տաղաւար տօներուն, եկեղեցին պարզապէս շէնք էր, կորսնցնելով իր հիմնական՝ աղօթավայրի հանգամանքը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին վերստին կենդանացած է ու կը ծաղկի որպէս աղօթավայր։ Կիրակի, Ս. Զատկուայ տօնի առիթով բազմամարդ էր պատմական եկեղեցին։ Խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ներկայ գտնուելու տօնական Ս. Պատարագին, ունկնդրելու եկեղեցւոյ քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի քարոզն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հետ բաժնելու հոգեւոր ուրախութիւնը։ 

Վերջին տարիներուն ե՞րբ է որ այսքան լեցուն տեսած էինք եկեղեցին։ Մինչեւ երեք տարի առաջ, այս մեծ աղօթավայրը գրեթէ դատարկ կը մնար նոյնիսկ տաղաւար տօներուն, հազիւ 10-15 հոգի կը հաւաքուէր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Եկեղեցին պարզապէս շէնք էր, կորսնցնելով իր հիմնական՝ աղօթավայրի հանգամանքը։ Մինչդեռ հիմա... թէ՛ զարմացանք, թէ՛ ուրախացանք որ ժողովուրդը վերստին «ի՛ր տուն»ը դարձուցած է Ս. Երրորդութիւնը եւ եկեղեցւոյ երդիքին տակ կեանք կայ բոլոր իմաստներով։

Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ Աքսէլ Թօփալեանի ղեկավարութեամբ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Էսաեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, Լուսաւորիչ ու Ասողիկ Դպրաց Դասերը, բոլոր սպասաւորները Կիրակի հո՛ն էին։ Առաւօտեան ժամերգութեան երգեցողութիւնները կատարեցին Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամները՝ երաժիշտ Թադէոս Ուր. Դպ. Գարափէքմէզի առաջնորդութեամբ։ Տօնական Ս. Պատարագը մատուցանեց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբը՝ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ, փառաւոր երգեցողութեամբ մը մեր գեղեցիկ շարականներու վայելքը ապրեցուց ներկաներուն։ Զմայլանքով հետեւեցանք արարողութեան ու իրարու փոխանցեցինք Յարութեան աւետիսը։

Տպաւորիչ էր Հայր Սուրբի զատկական պատգամը։ Յարութիւն Վարդապետը ընդգծեց զարթօնքի գաղափարը՝ անցեալի վերյիշումով, անդրադարձաւ Էսաեան եղբայրներուն, որոնք շատ լաւ ըմբռնելով բարերարութեան ու ծառայասիրութեան խորհուրդը, Թաքսիմի սրտին մէջ կանգնեցուցած էին նախ Ս. Յարութիւն մատուռը, յետոյ Էսաեան վարժարանը։ Խօսելով յարութեան գաղափարի մասին, Հայր Սուրբը շեշտեց որ ամէն պահ կը զգանք ատիկա, երբ յարութեան մտածելակերպը սիրոյ միջոցաւ կը միացնէ մեր բոլորի սիրտերը։ «Փառք տանք Աստուծոյ որ այսօր հո՛ս ենք, այս կամարներու տակ, որովհետեւ չենք գիտեր թէ Աստուած ի՞նչ պիտի տայ մեզի յաջորդ տարի, որովհետեւ ականատես կ'ըլլանք որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ պատերազմ, չարչարանք ու անէծք կայ», դիտել տուաւ Հայր Սուրբը։ Յարութեան աւետիսի հետ միասին, աւետեց նաեւ որ յաջորդ շաբաթ, 26 Ապրիլին, պիտի վերաօծուէր ու պաշտամունքի պիտի վերաբացուէր Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ 

Ընդհանուր Խոստովանանքէն ետք, հարիւրաւորներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Յետոյ Հայր Սուրբը թափօրով դուրս ելաւ եկեղեցիէն եւ Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ տնօրհնէք։ Թաղային Խորհուրդի անդամները, երգչախումբէն անդամներ եւ հիւրեր, եկեղեցւոյ Խորհրդարանի մէջ հաւաքուեցան եւ շնորհաւորեցին Յարութիւն Վարդապետը՝ անուանակոչութեան առիթով։

Ուրախութեամբ հաստատեցինք որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին վերագտած է իր դերը ո՛չ միայն որպէս պատմական կառոյց, այլ աւելի կարեւորը՝ որպէս կենդանի աղօթքի ու հաւատքի խորհրդանշական կեդրոն՝ Պոլսոյ հայ համայնքի համար։

Ն. Ս.