image

«Երբ Հալէպէն ենք ըսի, աչքերը լեցուեցան...» Արա Կիւմրիքեան

 «Երբ Հալէպէն ենք ըսի, աչքերը լեցուեցան...» Արա Կիւմրիքեան

Հայրենի սիրուած երգիչ Հայկոյի  տխուր մահը  յուզած է ամբողջ հայութիւնը։ 

 Վիշտը նաեւ տարածուած է հալէպահայ շրջանակներուն  մէջ, որովհետեւ երգիչը 2008  թուականին  մեծ համերգ մը տուած է Հալէպի մէջ եւ այդկերպ ալ մօտէն շփուած հալէպահայ շրջանակներուն մէջ։

 Օրերս  Հայկոյի մասին ուշագրաւ մանրավէպ մը «Արեւելք»ին  պատմեց հալէպահայ մեր բարեկամներէն ՝ Արա Կիւմրիքեանը։

 Արան, որ անձնապէս ներկայ եղած է  Հալէպի «Պլու լակուն» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած  համերգին ըսաւ, որ հայրենի երգիչը ոչ միայն մեծ գոհունակութեամբ հեռացած է  սրահէն, այլ նաեւ քիչ մըն ալ զարմանքով։ Զարմանքով, որովհետեւ երբեք չէր ակնկալէր, որ այդքան մեծաթիւ հայրենակիցներ ոչ միայն ներկայ պիտի ըլլան ու քաջալերեն զինք, այլ ապրին ու ապրեցնեն իր երգած իւրաքանչիւր երգը։

 

  «Այդ օր մեզի համար յուզումը մեծ էր»,- կը պատմէ Կիւմրիքեան ու շարունակելով նիւթը մանրամասննութիւններ կը ներկայացնէ իր ու Հայկոյին միջեւ Երեւանի մէջ եղած  պատահական բայց  եւ այնպէս յուզիչ հանդիպման մասին։

 

 

  Կիւմրի «Փողոցն էին եւ ու մայրս,  բրոսբէքթի կողմերը  մէկ անգամէն նկատեցի, որ երգիչ Հայկոն մեր մօտ կանգնած է։ 

 

-Բարեւ Հայկո ջան,- ըսի, 

 

-Բարեւ, բարեւ պատասխանեց։

 

 Գիտէի լսած էի, որ շատ պարզ ու հաղորդական  անձնաւորութիւն է ու ամենայատկանշականը այն էր, որ  յիշեցի իր Հալէպեան մեծ համերգը, որ տեղի ունեցած էր  2008 թուականին։

 Այդ օր բոլորս ալ մեծ ուրախութեան մէջ էինք,  եւ ինք ՝Հայկոն մեծ յուզումներով հեռացաւ բեմէն, կարծէք չէր հաւատար, որ Հալէպի մէջ այդքան մեծաթիւ հայութիւն  կայ ու այդ   հայութիւնը   սիրով ու յարգանքով պիտի լսէ զինք։

 Այդ օրը ուրիշ օր էր հալէպցիներուս համար, անկրկնելի օր էր։

 Վերադառնալով մեր խօսակցութեան  իրեն յիշեցուցի Հալէպի  մեծ համերգին մասին ու ըսի նաեւ, որ Հալէպէն ենք, եկած ենք քանի մը շաբաթ մնալու ու շուտով պիտի վերադառնանք։

 

 Հայկոն պահ մը լռեց ու շարունակեց..

 -Ոնց է ձեր վիճակը հիմա, ինչպէս էք ապրում,- հարց տուաւ ան։

 Մենք եւս լռեցինք ու  պահ մը անց լաւատեսական խօսքեր փոխանակեցինք իրար։

 

 Այս բոլորը եղան, խօսակցութիւնը  լռեց ու Հայկոն հեռացաւ...

 Ամէնայուզիչը սակայն այն էր, որ անոր աչքերուն մէջ արցունք նկատեցի...։

 Այո Հայկոն յուզուած էր, լսելով Հալէպի մասին, ու շատ հաւաբար վերյիշելով Հալէպի ոսկի օրերը։

....

 Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր սիրելի երգիչին»։