image

Պոլիս. Նշուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի 193-ամեակը

Պոլիս. Նշուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի 193-ամեակը

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը արդէն 193 տարեկան է։ Օրերս, Համբարձման տօնին, թրքահայ համայնքային շրջանակները նշած են անոր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Ըստ աւանդութեան՝ ամէն տարի Համբարձումն ու հիւանդանոցի տարեդարձը կը տօնախմբուին միասին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պոլսահայութիւնը այս տարի եւս Համբարձման տօնը նշեց միաժամանակ տօնախմբելով Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։ 193 տարի. Ահաւասիկ էջ մը եւս կ'աւելնայ Գթութեան այս յարկի տարեգրութեան վրայ եւ կամաց-կամաց կը մօտեցնէ երկրորդ դարադարձի փայլուն հանգրուանին՝ այժմ արդէն որպէս արդիական առողջապահական հաստատութիւն մը։

Երէկ, 29 Մայիսին, Համբարձման տօնի ու հիմնադրութեան տարեդարձի առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ «Ս. Փրկիչ» մատրան մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Առաւօտուն կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւն։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Քահվէճիօղլուի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ բացատրեց Համբարձման հրաշալի դէպքին իմաստը։ Ըսաւ, որ Համբարձման տօնի բանալի բառը բարձրանալն է՝ ամէն մարդ կ’ուզէ բարձրանալ։ Բարձրանալ ուզելը մարդուն մէջ դրուած է որպէս բնազդ Աստուծոյ կողմէ։ Քանի մարդը մեղքի պատճառաւ ինկած էր, Աստուածորդին խոնարհելով եկաւ, որպէսզի կրկին Աստուծոյ ներկայութեան բարձրացնէ ինկած մարդը։ Նմանապէս մարդը հրաւէր ունի հետեւելու Քրիստոսի եւ այսպէսով բարձրանալու Աստուծոյ ներկայութեան։ Եւ ոչ միայն բարձրանալու, այլ նաեւ բարձրացնելու իր նմանները։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա շեշտեց խոնարհութեան կարեւորութիւնը, քանի Քրիստոս խոնարհեցաւ իր աշակերտներուն առջեւ, խոնարհեցաւ՝ որպէսզի բարձրացնէ։ Խոնարհիլը անհրաժեշտ է, որպէսզի բարձրացնես շուրջիններդ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեդարձին եւ ըսաւ թէ հաստատութիւն մըն է, որու գործն է բարձրացնել։ Համբարձման տօնը նաեւ այն օրն է, երբ 1834 թուականին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի մեծ երազին՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին։ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ բարձրացնելը պաշտօն ստանձնած դարաւոր այս հաստատութեան կարեւորութեան եւ դեռ երկար տարիներու ծառայութիւն մաղթեց։ Ապա յիշեցուց, որ Համբարձումը այն թուականն է, երբ 1441 թուականին Մայր Աթոռը վերադարձաւ իր բուն վայրը՝ Ս. Էջմիածին։ Այս վերադարձի յիշատակն է, որ կը նշենք Մայր Աթոռոյ մաղթանքով։ Մեր Հոգեւոր Պետը հաստատութիւն եւ անսասանութիւն մաղթեց Մայր Աթոռին եւ անոր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Մաղթանք Մայր Աթոռոյ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ պարտէզ, ուր հաստատութեան բարերարներ՝ Կիւլպէնկեան գերդաստանի շիրիմներուն առջեւ կատարուեցաւ պաշտօն՝ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի եւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամներու հոգիներուն համար։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Կոմիտաս Վրդ.ի անուան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Բացի սրահէն, սեղաններ սարքուած էին նաեւ պարտէզին մէջ, ուր համախմբուեցան հիւանդանոցի բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան քով տեղ գրաւեցին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Բ. Ատենապետ Հերման Պալեան, Իսթանպուլի կուսակալի օգնական՝ Հասան Կէօզէն եւ Զէյթինպուռնուի քաղաքապետ Էօմէր Արըսոյ։

Բացման խօսքը արտասանեց Ընդհանուր քարտուղարուհի եւ հանգստատուներու պատասխանատու Մարգրիտ Արսլան։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հիւանդանոցին Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ անդրադարձաւ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի գործունէութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօրմէ սկսեալ բոլորին։ Հոգաբարձութեան անունով պատրաստուած էին երկու յուշապնակներ, որոնք Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Հերման Պալեանի ձեռամբ յանձնուեցան հիւր պետական գործիչներուն։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ հոգաբարձութիւնը եւ բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին կամ կը սատարեն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին։

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։