image

Հայաշատ «Մըզհէր» շրջանին մէջ. Նշուած է Առաջին Հանրապետութեան Օրը

Հայաշատ «Մըզհէր» շրջանին մէջ. Նշուած է Առաջին Հանրապետութեան Օրը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ին Մըզհերի «Մայիս 28» պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի շեփորախումբի եւ սկաուտներու տողանցքով, որմէ ետք ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց: Ապա շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգները:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Մարիա Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մայիս 28-ի անմար ջահը, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ծնունդը, որ իւրայատուկ տեղ ունի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ մեր գոյատեւման, պայքարի ու ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշն է: Ան հաստատեց, որ 1918-ին, անպատմելի արհաւիրքներէն ետք, հայ ժողովուրդը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, վեր կանգնեցաւ մոխիրներէն ու հռչակեց Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը աւելցնելով, որ  Դաշնակցութիւնը` հիմնուած արժէքներու, ազատութեան, արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հիմքերու վրայ, դարձաւ ոչ միայն այդ անկախութեան շարժիչ ուժը, այլ` նաեւ պետականութեան հաւաքական խղճի ձայնը:

Կիրակոսեան շեշտեց, որ անցեալը մեր հպարտութիւնն է: Մեր նահատակներուն արիւնով կառուցուած Մայիս 28-ը մեր պատմական ժառանգութիւնն է, բայց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ապրած միայն անցեալով, այլ` կ՛ապրինք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ նայելով ապագային: Ան ըսաւ, որ այսօր, հայրենիքի ներկայ վիճակը, մասնաւորապէս Արցախի գրաւուած տարածքներն ու անտեղի լռութիւնները կը մղեն մեզ կրկնապատկելու մեր հաւատքը, մեր կազմակերպուած պայքարը: Արցախի հերոս ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ կորստեան վիշտը, բայց` ոչ պարտութեան: Դաշնակցութիւնը այսօր ալ անսակարկ կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Արցախի գերիշխանութիւնը, հայ ժողովրդի իրաւունքները, եւ հայութեան միասնական ուժը` հայրենիքին, սփիւռքին ու նոր սերունդին մէջ: Մեր տեսիլքը պարզ է եւ անխախտ. ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան` ի շահ համայն հայութեան:

Օրուան բանախօս, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան անդրադարձաւ կարգ մը պատմական իրադարձութիւններու եւ զուգահեռներ գծեց այսօրուան իրականութեան, մեր հայրենիքին մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն եւ 28 մայիս 1918-ի նախօրեակին եւ ընթացքին, նաեւ յաջորդող երկու տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կարենալ արժեւորելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հազիւ ոտքի կանգնելու ու շնչելու առիթ ունեցող ժողովուրդ մը եւ անոր գիտակից քաղաքական վերնախաւը հրաշքի համազօր նախաձեռնութիւնը, աշխատանքը եւ քայլը ստանձնեցին, եւ կերտուեցաւ 28 մայիս 1918-ի անկախութիւնը, որ մեզի սորվեցուցած է, թէ ժողովուրդի մը ճակատագիրը կը կերտեն անոնք, որոնք չեն ենթարկուիր թշնամիին կամ հրահանգներու, նաեւ չեն վախնար ու չեն թուլնար: Կիտանեան ըսաւ, որ մենք այսօր կը նշենք հայոց պետականութեան հիմքը կազմող Հայաստանի Հանրապետութեան  առաջին անկախութեան 107-ամեակը, սակայն 107 տարիներ ետք մենք անգամ մը եւս կը գտնուինք նոր ճգնաժամի մը առջեւ: Ան ըսաւ, որ սեպտեմբեր 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, ընթացքին եւ աւարտին արձանագրուած չակերտեալ «պարտութիւն»-ը կրնանք արժեւորել` ըսելով, որ այդ օրերու Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, իշխանութիւնները այդ պատերազմին ու այդ ժողովուրդին թիկունք չէին կանգնած, տիրութիւն չէին կատարած ու չկատարեցին, աւելցնելով, որ ի զուր չէ, որ մենք այդ պատերազմի ընթացքին 4000-5000 երիտասարդ զոհ տուինք, սակայն պատերազմի աւարտին պատերազմէն դուրս եկանք պարտուած, որովհետեւ պատերազմը առաջ չի տարուիր միայն պատերազմի դաշտին վրայ կռուողներով, այլ պատերազմ կը նշանակէ` հաւատք, ղեկավարութիւն, հասուն քաղաքականութիւն, ընտիր հասարակութիւն (elite), որ դժբախտաբար օրին գոյութիւն չունէր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու դժբախտ ղեկավարութեամբ:

Կիտանեան նկատել տուաւ, որ տարիներ ետք, այսօր, Հայաստանի մէջ նոր երեւոյթ մը գոյութիւն ունի: 1918-ի դաժան պայմաններու մէջ իրագործուած անկախութիւնը եւ այսօրուան համեմատաբար աւելի հանգիստ եւ ոչ ճնշիչ մթնոլորտի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու, Հայաստանի ներկայ վարչապետի արտայայտութիւնը, յայտարարութիւնները, մօտեցումները, նման` այն յայտարարութեան, որ ունեցած է օտար դիւանագէտներու դիմաց, ուր ան կ՛ըսէ, թէ երկու խնդիրներ գոյութիւն ունին, որոնք կրնան արգելակել կամ ուշացնել Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութիւնը: Կիտանեան ըսաւ, որ այդ խնդիրներէն մէկը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի չեղարկումն է: Այն խմբակը, որուն պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնն է զօրակցիլ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրի որոշման: Այն կառոյցն է, որ կը հաստատէ հայ ժողովուրդի Արցախի մէջ իր պապենական հողերուն վրայ մնալը, ազատ ու անկախ ապրիլը, իր լեզուն եւ կրօնը կիրարկելը: «Այս ղեկավարը այսօր կը տեսնէ, որ կարելի է չեղարկել զայն: Մէկը, որ իր ժողովուրդին եւ պապենական իրաւունքներու հաստատման համար ստեղծուած միջազգային կառոյցը, որուն գոյութիւնը մեր այդտեղ ապրելու իրաւունքը կը հաստատէ, կ՛ուզէ չեղարկել», շեշտեց Կիտանեան:

Անդրադառնալով երկրորդ խնդրին, որ` վարչապետը կ՛ուզէ չեղարկել, Կիտանեան ըսաւ, որ այդ խնդիրը իրեն համար պարզ կը թուի, եւ այդ ալ Անկախութեան հռչակագրին մէջ տեղ գտած հողային պահանջներու մասին ակնարկութիւն է, աւելցնելով, որ վարչապետը կ՛ըսէ, թէ մենք հողային պահանջներ չունինք եւ պէտք չէ, որ Ազրպէյճանը Հայաստանէն հողային պահանջներ ունենայ:

«Անկախութիւնները, կամքի գործադրութիւնը եւ ժողովուրդի մը գոյատեւման հիմնական կռուանը իր իսկ քաղաքական ղեկավարութեան ու ժողովուրդին իր իրաւունքի մասին հաւատք ունենալուն մէջն է: Եթէ այս հաւատքը եւ այս հասկացողութիւն գոյութիւն չունին, կը նշանակէ, որ ընդհանրապէս անկախութիւն, պետականութիւն եւ ժողովուրդ գոյութիւն չունին, եւ ընելիք չենք ունենար», հաստատեց Կիտանեան` բացատրելով, որ այդպէս չէ եղած, որովհետեւ 28 մայիս 1918-ի նախորդող օրերը եւ յաջորդող երկու տարիները սորվեցուցին, որ կարելի է ոչինչէ պետութիւն կառուցել, կարելի է ջարդէն հազիւ դուրս եկած ժողովուրդը վերածել ժողովուրդի մը, որ իր ժողովրդավարութիւնը գործածելով` իր ղեկավարութիւնը եւ խորհրդարանը կ՛ընտրէ, կառավարութիւն եւ դեսպան կ՛ունենայ եւ կրնայ գործել այդ դժուար պայմաններուն մէջ: Բանախօսը շեշտեց, որ այսօր մենք այդ բոլորը ունինք, բայց պատրաստ ենք անոնք զոհելու, պարզապէս այլոց ծրագիրներու գործադրութեան համար:

Եզրափակելով իր խօսքը` Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ մենք կրնանք ամէն տարի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ քանի մը առիթներով տօնել 28 մայիսը, կամ ապրիլ 24-ի զոհերու հոգեհանգիստ կատարել, սակայն եթէ պիտի շարունակենք գոյատեւել, եթէ մենք ազգովին կը հաւատանք այնպէս, ինչպէս Դաշնակցութիւնը հաւատացած է, կը հաւատայ ու պիտի հաւատայ, որ այս ժողովուրդին ու ազգին ճակատագիրը ժողովուրդէն կախեալ է, ժողովուրդէն ծնած ՀՅԴ-էն կախեալ է, աւելցնելով, որ ինք չ՛ուզեր այս բոլոր իրագործուածները միայն Դաշնակցութեան վերագրել, սակայն պատմութիւնը ապացոյց է, նաեւ ներկան կրնայ հաստատել, որ անգամ մը եւս ժողովուրդը ոտքի հանելու եւ այս անարդարութեան ու զիջումներուն դէմ կանգնելու համար գետնի վրայ գործող միակ գործօն կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն է: «Մենք պիտի շարունակենք տօնել 28 մայիսը, բայց վստահ եղէք, որ այս իշխանութիւնները պիտի չկարողանան եւ պիտի չյաջողին տանիլ մեզ այն զիջումներուն, որոնց կը փորձեն տանիլ», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

Գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Տոմիտոմ» տհոլահարներու համոյթը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը: Կարդացուեցաւ նաեւ Արամ Մանուկեանի մայիս 28-ի կոչը` ուղղուած ժողովուրդին, եւ` Նիկոլ Աղբալեանի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ հայ կամաւորական գունդերու «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն