image

Պոլիս. Ռոպեր Հատտէճեանի «Առաստաղի միւս կողմը» վէպը՝ թրքերէնով

Պոլիս. Ռոպեր Հատտէճեանի «Առաստաղի միւս կողմը» վէպը՝ թրքերէնով

«Արաս» հրատարակչատունը թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայած է աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղին միւս կողմը» վէպը։ Հատորը թարգմանած է հրապարակագիր, գրագէտ, գիրքերու խմբագիր Ռոպէր Քօփթաշ։

«Առաստաղին միւս կողմը» վէպը Ռ. Հատտէճեանի «Թաւան» (Առաստաղ) վէպի շարունակութիւնն է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

«Արաս» հրատարակչատունը թրքերէն թարգմանութեամբ հրապարակ հանեց Աւագ Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղի միւս կողմը» վէպը։ Գրքի թարգմանիչը Հատտէճեանի անուանակիցն է՝ հրապարակագիր, գրագէտ, գիրքերու խմբագիր Ռոպէր Քօփթաշ։

«Թաւանըն էօթէ եանը» անունով հատորը այսօրուընէ սկսեալ վաճառքի հանուած է «Արաս»ի համացանցի էջերուն վրայ եւ գրախանութէն ներս։

Ծանօթացնելով նորատիպ հատորը, «Արաս»ի պատասխանատուները կը յիշեցնեն որ անիկա Հատտէճեանի «Թաւան» (Առաստաղ) վէպի շարունակութիւնն է։ Կը նշեն որ Հատտէճեան մէկն է հազուագիւտ այն գրողներէն, որոնք կը յաջողին հաւաքական յիշողութեան անդրադառնալ անհատի մը փխրուն մարմնի ու շարունակուող մտքի միջոցաւ։ Դիտել կը տրուի որ Հատտէճեանի այս գիրքը կասկածի տակ կը դնէ հաւաքական ու անհատական յիշողութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երեւան կը հանէ 1915ի դէպքերու ֆիզիքական ու մտածումի հետեւանքները։ «Հատտէճեանի ուժեղ վերլուծութիւններն ու գրական լեզուի չափաւորութիւնը այս հատորը կը դարձնեն ո՛չ միայն շարունակութիւն այլ նաեւ գրական անկախ դիրքորոշման արտայայտութիւն», կը գրեն «Արաս»ի վարիչները։

Գիրքը կը բաղկանայ 224 էջերէ, շապիկը պատրաստած է Մելիսա Արսէնեան։

Դիտել տանք որ նորատիպ հատորը յառաջիկայ 13 Յունիսէն սկսեալ իր տեղը պիտի ունենայ բոլոր գրախանութներու եւ առցանց վաճառքի ցանցերու մէջ։

***

ՄԱՐՄԱՐԱ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Արաս»ի խմբագրակազմին, թարգմանիչ Ռոպէր Քօփթաշին, որոնք թուրք ընթերցողներուն եւս հասանելի կը դարձնեն հայ գրողներու ուշագրաւ ստեղծագործութիւնները։