image
Հրատապ լուրեր:

ԵՊՀ ռեկտորը Գեղամ Մանուկեանի որդւոյն արգիլած է քննութիւնները յանձնել. Իշխանեան

ԵՊՀ ռեկտորը Գեղամ Մանուկեանի որդւոյն արգիլած է քննութիւնները յանձնել. Իշխանեան

ԵՊՀ ռեկտոր Յովհաննէս Յովհաննիսեանը Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի որդւոյն արգիլած է քննութիւնները յանձնել։ Տեղեկութիւնը դիմատետրեան էջին գրած է Հայաստանի հելսինքեան կոմիտէի նախագահ, իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։

«Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտորի պաշտօնը զաւթած ՔՊ-ական Յովհաննէս Յովհաննիսեանն արգելել է քաղբանտարկեալ Տարօն Մանուկեանին յանձնել 3-րդ կուրսի աւարտական քննութիւնները։ Եւ այդ ողորմելին համարւում է գիտնակա՞ն։ Յիշեցնեմ բոլորին, ազատազրկուածներն ուսման իրաւունք ունեն»,–գրած է ան։

Իշխանեանը յիշեցուցած է, որ նախկին իշխանութիւններու ժամանակ նոյնիսկ ցմահ դատապարտուածներ Արսէն Արծրունին եւ Մհեր Ենոքեանը կրթութիւն ստացած են։

Ան դիմած է ՀՀ իրաւապաշտպաններուն, որպէսզի արձագանգեն կատարուածին։

Նշենք, որ 8 մայիսին ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած ինքնաշարժերու երթի ընթացքին, Կիւմրի քաղաքի Երեւանեան խճուղիի մօտ կանգնած քաղաքացիներու եւ  յիշեալ երթի մասնակիցներու միջեւ տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք։

Դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի (խուլիկանութիւն) 4-րդ մասով յարուցուած է քրէական գործ: Տուժածները եղած են 74, 56, 72 եւ 84 տարեկան քաղաքացիներ:

Ենթադրեալ յանցագործութիւնը կատարած անձերէն մէկը եղած է Գեղամ Մանուկեանի որդին` Տարօն Մանուկեանը, որ 12 մայիսէն կալանաւորուած է։