Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ հակամարտութեան ընթացքին հասած է իր գրեթէ բոլոր նպատակներուն։ Այս մասին ան խօսած է CNBC-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
«Կը կարծեմ՝ անոնք համաձայնած են գրեթէ ամէն ինչի, որ մեզի անհրաժեշտ է», -ըսած է Թրամփ։
Թրամփի համաձայն՝ մօտաւորապէս չորս ամիս տեւած հակամարտութիւնը համեմատաբար կարճ ժամանակահատուած է, եւ ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած են Իրանի ռազմական ներուժը՝ ներառեալ ռազմածովային ուժերը, օդուժը, ռատարային համակարգերը եւ ղեկավարները։
«Եւ ի՞նչի հասայ ես։ Ռազմական առումով ես յաղթեցի անոնց», յայտարարած է Միացեալ Նահնգներու նախագահը։
Ան աւելցուցած է, որ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ ռազմական հակամարտութիւնը յանգեցուցած է Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային զէնքի հարցի լուծման։
Թրամփ նաեւ նշած է, որ նաւթի գինը այժմ նոյնիսկ աւելի ցած է, քան փետրուար 28-ին Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկը։