image

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հերթական ժողով

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հերթական ժողով

Օրերս Հալէպի մէջ գումարուած քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հերթական ժողովին արծարծուած են ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներուն առնչուող շարք մը հարցեր։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ, 27 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը՝ քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու հերթական ժողովին, որ գումարուեցաւ հիւրընկալութեամբ՝ Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Ճորճ Մասրիի, համայնքի Առաջնորդարանէն ներս։

Ժողովին այցելեց նահանգապետարանի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։ Արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող եւ եկեղեցիները յուզող զանազան նիւթեր։