Ապրիլ 24-ը իբրեւ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր նշելու աւանդոյթի սկիզբը ընդունուած է համարել 1919 թուականը, երբ Պոլսոյ մէջ ցեղասպանութիւնը վերապրած խումբ մը արեւմտահայ մտաւորականներ կը ստեղծեն «Ապրիլ 11-ի յանձնախումբ», որ պէտք է նշէր եղեռնի չորրորդ տարելիցը եւ այդ առթիւ կազմակերպէր սգահանդէս: Ապրիլ 11-ը պատահական չէր ընտրուած: 1915-ի ապրիլին, երբ կը ձերբակալեն Պոլսոյ մտաւորականութիւնը, դեռ հին տոմարը կը գործէր, եւ այսօր ամրագրուած ապրիլ 24-ը այն ժամանակուան տոմարով ապրիլ 11-ն էր:
Այդ տարիներու պոլսահայ մամուլէն («Ժամանակ», «Ճակատամարտ, «Վերջին լուր») կը տեղեկանանք, որ սգահանդէսը տեղի ունեցած է 1919-ին՝ հին տոմարով ապրիլ 12-ին, նոր տոմարով ապրիլ 25-ին՝ պատրիարքի վատառողջ ըլլալու պատճառով որոշուած օրէն մէկ օր ետք: Այդ օրը Պոլսոյ Բերա թաղամասի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգիստի պատարագ, որ վարած է Մեսրոպ եպիսկոպոս Նարոյեանը: Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը, քարոզ ունեցած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Բոլոր այն նահատակները ցորենի հատիկներ են, հողին մէջ ծածկուած, պիտի ծլին, բազում արդիւնք յառաջ պիտի բերեն...»: Այդպէս ամրագրուած է ապրիլ 24-ը իբրեւ յիշատակի օր:
Սակայն, ինչպէս կը տեղեկանանք պատմաբան, ՀՑԹԻ հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի յօդուածէն, (Ցեղասպանագիտական հանդէս 6, 2018) հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած առաջին ոգեկոչումները՝ սգահանդէսներու տեսքով, հայ իրականութեան մէջ աւելի վաղ եղած են. Մարութեանը հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուայ սկզբնաւորման մասին իր յօդուածին մէջ գրած է.
«Այսպէս՝ 1918 թ. հոկտեմբեր 28-ին Դամասկոսի առաջնորդանիստ վանքին մէջ արաբական իշխանութեան ներկայացուցիչներու (կուսակալ եւ ոստիկանապետ) գիտութեամբ եւ կուսակալի ներկայութեամբ, յունաց պատրիարքի, անգլիացի եւ ֆրանսացի սպաներու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի մասնակցութեամբ, տեղի կ'ունենան ազգային սգահանդէս «վասն հոգւոց նահատակաց» եւ հոգեհանգիստի կարգ։ Անկէ ետք 4-5 հազ. հայութիւնը հանդիսաւոր թափորով կ'երթայ գերեզմանատուն, ուր կը հնչեն վեց-եօթ ելոյթներ։ 1919 թ. յունուար 20-ին ազգային իշխանութիւնները «ի յիշատակ Ազգ. Նահատակեալներու եւ Արի Մարտիրոսացեալներու հոգւոյն ի հանգիստ» կը կազմակերպեն «ընդհանուր նահատակաց» սգահանդէս Հալէպի մէջ՝ քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր տարագիրներու մասնակցութեամբ։ Նախ՝ «ծովածաւալ թափօր մը խիստ կարգապահութեամբ» Քառասուն Մանկանց եկեղեցուց ճանապարհ կ'իյնայ դէպի հայկական գերեզմանատուն։ Բնութագրական էր թափօրի կառուցուածքը. այն կ'առաջնորդէին Հայկական լեգէոնի աւելի քան երեք տասնեակ մարտիկներ՝ հայկական եւ արաբական դրօշներով, «հայ եռագոյն դրօշակը կը կրէր Արեւելեան Լեգէոնի յիսնապետ Պ. Ետուարտ Կիւլպէնկեան»։ Տիգրանակերտցիներու նորակազմ նուագախումբը կը կատարէր Շոփէնի մահերգը, գաւառներու ներկայացուցիչները կը մասնակցէին առանձին խումբերով. ծաղկեպսակներ կային կարինցիներու, եդեսացիներու, տիգրանակերտցիներու, խարբերդցիներու կողմէ, ինչպէս նաեւ «ընդհ. Հայութեան կողմէ»։ Ծաղկեպսակներով իրենց ներկայութիւնը կը հաւաստէին հայ կաթոլիկ եւ բողոքական համայնքները, հնչակեանները, ռամկավարները, դաշնակցականները, գաղթականներու յանձնաժողովը, տիկնանց միութիւնը, Հալէպի հասարակութիւնը։ Թափօրին կը մասնակցէին սպիտակազգեստ օրիորդներու եւ սեւազգեստ այրիներու խումբեր. վերջիններս կը տանէին «սեւ շղարշով դրօշ մը որուն վրայ գրուած էր «Արցունք չունինք Ձեր յիշատակին, Մատաղ մեր հոգին»։ Թափօրին ներկայ էին նաեւ «զանազան զուարթ գոյներով հագուած կիներու եւ աղջիկներու դասը, որ ցեղին կենսունակութիւնը ցոյց կու տար»։ Թափօրին «ամբողջ երկայնքին, երկու կողմը կ'երթային որբերն ու այրիները, Ազգին այսօրուան եւ ապագայ ցաւերն ու յոյսերը միանգամայն...», «Ճամբան երգեցիկ խումբի կողմէ երգուեցան «թէ հայրենեաց պսակադիր», «… Լռեց ամպերը», «Ազատութեան սիրոյն համար» երգերը»։ Թափօրը կ'եզրափակէր Ֆռնուզի վանահայր, Զեյթունի 1895 թ. ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն Բարդուղիմէոս վարդապետը, որ առաջինը խօսք կ'ըսէ գերեզմանատան մէջ եւ «սգակիրներու աչքերէն արիւն արցունք կը հոսէր։ Լացինք բոլորս...»։ Այստեղ կը հնչեն նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման նուիրուած շուրջ մէկ տասնեակ ելոյթներ, արտասանութիւններ։ Սգահանդէսի աւարտին Բարդուղիմէոս վարդապետը «կարծես երիտասարդացած, կորովի ձայնով մը օրհնեց իր գլխուն վրայ ծածանող եւ հայ յիսնապետի մը վեր բռնած Հայկական դրօշը եւ աչքերուն քսեց զայն, որուն հետեւեցան շատեր։ Հայկական դրօշակը ամէնուն զմայլանքին եւ պաշտումին առարկայ դարձաւ»։
Ցերեկը սգահանդէսը կը շարունակուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ բարձրաստիճան զինուորականներու, զանազան պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, հիւպատոսներու, օտարազգի կղերական պետերու, լրագրողներու մասնակցութեամբ եւ այլն, Բարդուղիմէոս վարդապետի ղեկավարութեամբ։ Կը հնչեն ցաւակցական խօսքեր, կը յարգուի նահատակներու յիշատակը։ Ինչպէս կը վկայէ ականատեսը. «հիւրերը եւ ներկայ ազգայիններ մեկնեցան խիստ գոհ տպաւորութեան տակ։ Սոյն սգահանդէսը, օտարներուն գնահատումը ոգի եւ կարեկցութիւն ներշնչեց, իսկ ազգայիններուն ինքնամփոփումի անհրաժեշտութիւնը զգացուց զօրեղապէս»։ Մէկ այլ ժամանակակիցի գնահատմամբ. «Յունուար 20-ին Հալէպի հայութիւնը ապրեցաւ յաւէտ յիշատակելի պատմական օր մը։ Կարծես ամբողջ հայութեան սիրտն էր, որ կը բաբախէր սուգի եւ յուսադրանքի խառն զգացումներով։ Չորս տարիէ ի վեր լուռ մխացող հոգիներ, աղիտահար հայորդիք անասելի կտտանքներէ խշխշացող սրտեր ահա վերջապէս գէթ մէկ օր ըմպեցին մխիթարութեան եւ սփոփանքի կաթումները։ Հալէպ քաղաքը իր դարաւոր կէանքին մէջ չէր պարզած այնքան վեհաշուք տեսարան մը, որ իր հրաշալի հանդիսութեամբ ամէնուն սրտին խորքը յուզէր ազնուագոյն եւ վեհիմաստ զգացումներ…» ։
1919 թ. մայիս 25-ին սգահանդէս տեղի ունեցած է Միջին Արեւելքի մէկ այլ հայաշատ քաղաքի՝ Պաղտատի մէջ՝ Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ:
Լուսանկարին մէջ՝ Հալէպի անապատներէն հաւաքուած խումբ մը որբեր. Միհրան Մինասեանի լուսանկարներու հաւաքածուէն