image
Հրատապ լուրեր:

Եղբայր Ժիրայրը ՝ Աստուածավախ ընկերը մարդուն

  Եղբայր Ժիրայրը ՝ Աստուածավախ ընկերը մարդուն

 Սան Ֆրանսիսքոյի  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  Հոգշ. Տ. Սմբատ վրդ. Սապունճեան կը գրէ ՝ 

Այսօր, Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հայ համայնքը սրտի դառն կսկիծով գուժեց իր հաւատաւոր Ազգայիններէն Եղբայր Ժիրայր Սարգիսեանին մահուան տխուր լուրը։ Անցնող շաբաթները դժուար էին ընտանեկան պարագաներուն, ազգակիցներուն, գաղափարակից ընկերներուն, բարեկամներուն եւ բոլորին համար։ Եղբայր Ժիրայրին մահուան բօթը ցաւ պատճառեց մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Ան իր կեանքի ողջ տեւողութեան երբեւիցէ չէ ուզած տեսնել մէկը որ կը ցաւի, նոյնիսկ իր վերջին օրերուն կը պայքարէր իր իսկ մարմնական ցաւերը պահելու, զսպելու, որպէսզի իր շուրջ եղող հարազատ սիրելիները չնեղուին։

Շատ փափկանկատ էր Եղբայր Ժիրայրը, բոլորին հանդէպ համեստ, առաքինի, հաւատացեալ մարդ, գնահատող, ծառայասէր եւ մտերիմ։ 

Եղբայր Ժիրայրը հաւատացողն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Աթոռին հաւատարիմ զաւակն էր, միշտ հարցնող ու հետքրքրուող, աւելին, Սուրբ Աթոռէն ժամանող երիտասարդ միաբաններուն նկատմամբ յատուկ հոգածութիւն ունէր, միշտ կը հարցնէր, կը խօսէր, կ՛ուզէր տեսնուիլ։ Ի դէպ իմ առաջին հանդիպումս անոր հետ եղած է Կաթողիկոսարանէն ներս երբ ան իր տիկնոջ հետ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւն կու տար։

Եղբայր Ժիրայրը մեր համայնքի Սիւներէն մին էր, կապուած համայնքին, կը սիրէր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, նոյնիսկ կը ջանար միշտ ներկայ գտնուիլ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներուն։ Իր իւրայատուկ կեցուածքով միշտ օրինակ հանդիսացած էր բոլորին։ Ան իր հաւատքը գործով ցոյց կու տար, հեռու ամէն տեսակ կեղծիքէ եւ խօսքէ, ան գործով իր հաւատքը ապրեցաւ եկեղեցիէն ներս թէ դուրս։ 

Եղբայր Ժիրայրը նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական էր։ Կը սիրէր այս կազմակերպութիւնը, կարծէք անմասն բաժին մըն էր իր ամենօրեայ կեանքէն, կը բաւէ երբ տեսնէինք զինք արդար պարծանքով իր կուրծքին վրայ միշտ կը կրած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանը, որպէս տիպար եւ օրինակելի հայորդի։

Ան իր ազգային գիտակցութեան ուխտը կնքած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ, առաքինի էր ամէն իմաստով, գիտակից իր կոչումին, պատմութիւնը սերտող եւ դէպի ապագային տեսիլք ունեցող մարդ էր։ Հայոց պատմութեան իմացականութիւնն ունենալով աւելիով կը պայքարէր, լուրջ էր ազգային մարտահրաւէրներուն դիմաց, եւ կ՛ուզէր միշտ օգտակար դառնալ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհին։ Ան միշտ հաւատացողը մնաց միասնականութեան։ 

Մի քանի օրեր առաջ երբ իր անդրանիկ որդին Սարգիսը հետս կապուեցաւ, յուզմունքով յայտնեց թէ Եղբայր Ժիրայրը կ՛ուզէր միայն զիս տեսնել, հաղորդուիլ, առաւել եւս կ՛ուզէր օրհնուած խաղողէն ունենալ։ Կրնաք պատկերացնել թէ մարդը իր ցաւերը, հիւանդութիւնը նկատի չառած տակաւին կը պայքարէր պահելու այն սովորութիւնները որոնցմով Եղբայր Ժիրայրը ճանչցուեցաւ, պարտաճանաչ մարդը, որուն հանդէպ ողջ համայնք մը յարգանքով կը մօտենար ու վստահ եմ իր յիշատակին դիմաց պիտի շարունակէ մօտենալ։ Այդ յարգանքը կեղծ չէր, այդ յարգանքին մէջ սէր կար, կար եղբօր համեստութեան եւ բոլորին լսելու կարողականութեան երախտագիտութեան զգացումը։ 

«Հայր Սուրբ, մեր Տիրոջ հրամանին կը հնազանդիմ», այս եղան առաջին այցելութեանս ամենէն տպաւորիչ եղբօր խօսքերը, իր անկողնին դիմաց գտնուող Մեր Տիրոջ պատկերին իր ձեռքը երկարելով։ Ամէն ճիգ կը թափէր հարցնելու գաղութին մասին, եւ ամէն անգամ երբ մխիթարական խօսք կը փորձէի ըսել, Եղբայր Ժիրայրը «Փառք Աստուծոյ» կը պատասխանէր։ Այո, Փառք Աստուծոյ, ողջ կեանքը Աստուծմով առաջնորդուող մարդուն խօսքերն են ասոնք։ Կը հեռանամ սենեակէն, կ՛իջնեմ իր կրտսեր զաւկին Զարեհին մօտ, կը փորձեմ մխիթարել, գիտնալով հանդերձ թէ Եղբայր Ժիրայրը իրապաշտ էր, գիտէր թէ երկրաւորէն դէպի երկնային կը մեկնի, իրապաշտ էր եւ քաջաբար կը փորձէր մղել իր պատերազմը, կեանքի ալիքներուն եւ ի մասնաւորի հիւանդութեան դէմ։ 

Ուրբաթ օր, առաւօտեան ժամերուն, կը կապուիմ իր դստեր Թամարին հետ, եւ փափաք կը յայտնեմ այցելելու անոր, կը հասնիմ սենեակ, ան քնացած էր եւ Թամարին կ՛ըսեմ քիչ մը Սաղմոս կ՛ուզեմ կարդալ հայրիկին։ Կը սկսիմ կարդալ, եւ եղբայր Ժիրայրին ձայնը կը լսուի ու կ՛ըսէ «Հայր Սուրբ, ես հիմա այս խօսքերը կ՛ապրիմ»։ Կը նայիմ Թամարին եւ կը շարունակեմ կարդալ, կը շարունակեմ որովհետեւ բառեր չունէի ըսելու անոր քաջութեան դիմաց։ 

Մի զարմանաք երբ ըսեմ թէ եղբօր վերջին փափաքն էր «Առաւօտ Լուսոյ» շարականը լսել առաւել եւս թարգմանութիւնը լսել, մանրամասնօրէն հասկնալու շարականին իմաստը։ Կարողութեանս սահմաններուն մէջ տեղւոյն թարգամանեցի, բացատրեցի եւ անոր դէմքին երեւցաւ գեղեցիկ ժպիտով անհուն գոհունակութեան արտայայտութիւն մը որուն վարժ էինք մենք։ 

Երկու ժամ ետք կը մեկնիմ այն յոյսով որ յաջորդին իր տունը պիտի այցելեմ նկատի ունենալով տուն վերադառնալու իր որոշումը եւ հոն պիտի շարունակենք աղօթել եւ զրուցել։ 

Սակայն...

Կիրակի առաւօտ Սարգիսը կը հեռախօսէ դառն լուրը տալով, թէ, Եղբայրը հանգիստ ննջեց, խաղաղութեան մէջ իր հոգին աւանդեց իր ետին թողնելով մեծ վաստակ եւ ժառանգ։ 

Եղբայր Ժիրայր, գիտեմ թէ աւելի հանգիստ ես հիմա, բոլորս լաւ գիտենք թէ մաքուր հոգիդ պիտի արժանանայ Երկնային Արքայութեան։ Հիմա միացած ես հարազատներուդ, որոնց այնքան կարօտ էիր, միաժամանակ այստեղ, սերունդներ կան քեզ աղօթող, կին, զաւականեր եւ թոռներ որոնք վստահ եմ օրինակիդ հետեւելով պիտի շարունակեն այս ժամանակաւոր կեանքը, միշտ բարձրանալով ու բարձրացնելով բոլորը, հետեւելով նոյն այն նշանաբանին որուն համար դուն նուիրումով ծառայեցիր ու առաւել եւս կեանքիդ իմաստը դարձուցիր։ 

Վարձքդ կատար Եղբայր Ժիրայր։

Ննջէ խաղաղութեամբ...

«Յիշատակն արդարոյն Օրհնութեամբ եղիցի»։