image
Հրատապ լուրեր:

«Իսկական ընկերը օրհնութիւն է…».Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

«Իսկական ընկերը օրհնութիւն է…».Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Հայց.  Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի գրիչէն

Կը կարդանք ՝ «Անկեղծ բարեկամութեան մասին խորհրդածութիւն մը» 

Գերաշնորհ սրբազանը կը գրէ՝

Բարեկամութիւնը Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւներէն մին է, որ հիմնուած է անկեղծութեան, սիրոյ եւ փոխադարձ հոգատարութեան վրայ: Իսկական ընկերները մեր կողքին կը քալեն մեր ուրախութեան ինչպէս նաեւ դժուարութեան պահերուն, կը վերցնեն մեզ, երբ ինկած ենք եւ կը խնդակցին մեզի հետ: Իսկական ընկեր մը դժուար թէ գտնուի, հաւանաբար կեանքի մէջ մէկ կամ երկու անգամ կը հանդիպինք անոնց: Իսկական ընկերը կը կրէ անկեղծ նուիրում եւ փոխադարձ վստահութիւն:

Ինչպէս հաւատքը, նոյնպէս ալ ընկերութիւնը խնամքի կարիք ունի, որպէսզի աճի:  Ընկերութիւնը, կ’ամրապնդուի բարութեամբ, համբերութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Լաւագոյն բարեկամութիւնը մեզի կ՚ ոգեւորէ աւելի լաւ անձեր դառնալու, ինչպէս որ երկաթը  երկաթով կը սրուի (Առակաց 27.17): Մօտ կամ հեռու, իսկական ընկերը օրհնութիւն է, որ կը յիշեցնէ մեզ Աստուծոյ սէրը եւ մարդկային յարաբերութեան գեղեցկութիւնը»։