Սա Ատրպէյճանի հերթական փորձն է՝ ստեղծելու սահմանային միջադէպ, ստիպելու Հայաստանին բանակցիլ սահմանագծման եւ սահմանազատման շուրջ։ Ինքնին այդ բանակցութիւնները, ըստ Ատրպէյճանի, պէտք է յանգեցնեն համաձայնագրի ստորագրման, որ պիտի փակէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի թեման։
Մոսկուան պէտք է դիւանագիտական ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ եւ ուժ կիրառէ հակամարտութեան սրման պարագային, յայտարարած է Պետտումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համալրման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանդին Զատուլինը։
Աւելի վաղ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնած էր, որ հանրապետութիւնը գրաւոր դիմում կը պատրաստէ Ռուսաստանին՝ 1997 թուականի երկկողմ համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ իր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու խնդրանքով՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին նոր բախումներու լոյսին տակ։
«Մոսկուան պէտք է առաւելագոյն դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշում գործադրէ կողմերուն, առաջին հերթին Ատրպէյճանի վրայ, որու նախաձեռնութիւնը այս պարագային ակնյայտ է։ Եթէ խօսքը վերաբերի մեր խաղաղապահներուն զբաղեցուցած դիրքերուն, խաղաղապահներուն վրայ յարձակելու մասին, անոնք անկասկած զէնք պիտի կիրառեն։ Իմ կարծիքով, սա սադրանք է, եւ մենք պէտք է արձագանգենք։ Ես զինուորական չեմ, բայց ռազմական միջամտութեան հիմքեր այս պահուն չկան, սա սահմանամերձ գօտի է։ Եթէ այս ամէնը զարգանայ, ապա պէտք է նախազգուշացուի ուժի կիրառման հնարաւորության մասին՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանը մեր դաշնակիցն է», ըսած է Զատուլին։
Անոր խօսքով, սահմանին առաւել յաճախակի բախումները Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի փորձերն են, ինչին հայկական կողմը այս պահուն պատրաստ չէ։
«Սա Ատրպէյճանի հերթական փորձն է՝ ստեղծելու սահմանային միջադէպ, ստիպելու Հայաստանին բանակցիլ սահմանագծման եւ սահմանազատման շուրջ։ Ինքնին այդ բանակցութիւնները, ըստ Ատրպէյճանի, պէտք է յանգեցնեն համաձայնագրի ստորագրման, որ պիտի փակէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի թեման։ Անոր համար է, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը ձգձգեն, կը խուսափին այս բանակցութիւններէն։ Զանոնք կարելի է հասկնալ կրած պարտութենէն ետք։ Ատրպէյճանի կողմէ այդ միջադէպերուն իմաստը, գաղափարը, նախաձեռնութիւնը կապուած են բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերջ դնելու ցանկութեան հետ», պարզաբանած է ան։