Հայ ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեանի՝ առողջական վիճակի պատճառով Աշխարհի գաւաթի խաղարկութենէն դուրս գալը մարզիկին արժանի որոշում է, սակայն մեծ կորուստ է խոշոր մրցաշարի համար։ ՌԻԱ Նովոստիի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի ճատրակի ֆետերացիայի գործադիր տնօրէն Մարք Կլուքովսկին:
«Արոնեանի՝ առողջական վիճակի պատճառով հեռանալը մեծ կորուստ էր Աշխարհի գաւաթի համար։ Լեւոնը միակ քրոսմայսթըրն է, որ երկու անգամ նուաճած է Աշխարհի գաւաթը։ Ան մեծ շախմատիստ է եւ շատ արժանի մարդ, որ որոշած է հարուածի տակ չդնել գործընկերները եւ հրաժարիլ մրցումներէն։ Լեւոնի որոշումն անսպասելի չէր։ Քանի որ այսօրուայ իրավիճակին մէջ պարզ է, որ որեւէ հիւանդութիւն անմիջապէս ջղային մեծ լարուածութիւն կ'առաջացնէ մրցակիցներու մօտ։ Այդ, ցաւօք, այսօրուայ առանձնայատկութիւնն է, եւ իւրաքանչիւր մարդ ինքն կ'որոշէ, թէ ինչ պէտք է ընէ՝ շարունակէ խաղալ կամ դուրս գալ մրցաշարէն»,- ըսած է Կլուքովսկին։
Ռուսաստանի ճատրակի ֆետերացիայի տնօրէնի խօսքով՝ Լեւոն Արոնեանը որոշում կայացուցած է, որ չի կրնար վտանգի ենթարկել միւս մասնակիցներու առողջութիւնը։ Ան ընդգծած է՝ մրցաշարի կազմակերպիչներու համար սա առաւել «հանգիստ լուծում է», քանի որ գերխնդիրը բոլոր շախմատիստներու առողջութեան ապահովումն է:
«Սակայն ցաւալի է, որովհետեւ Լեւոնն իսկապէս մեծ մարզիկ է եւ միշտ յաղթանակի կը յաւակնի որեւէ մրցաշարի մէջ»,- շեշտած է Կլուքովսկին։