Հուսիները (կամ Հութիները), որ աւելի վաղ յայտարարած էին, թէ իրենց համար գլխաւոր նպատակը Իսրայէլ ուղղուող բեռնատար նաւերու հոսքին կասեցումն է, այսօր յայտնուած են բաւական բարդ վիճակի մը մէջ, ու այդ բարդութեան զուգահեռ ու համընթաց կրնայ վճռուիլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի մեծ պատերազմի մը բռնկումին հիմնական ճակատագիրը։
Յառաջիկայ օրերը այս առումով իրենց հետ պիտի բերեն մէկէ աւելի յստակեցումներ, եւ այդ բոլորին առընթեր հիմնական խաղացողները տակաւին նոյնն են ՝ Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը։
Այն գրոհները որ տեղի ունեցան Հինգշաբթի լոյս Ուրբաթ վաղ ժամերուն սպասելի էին։
Մեծ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կործանիչներ աւելի քան վաթսուն թիրախներու ուղղութեամբ գրոհներ իրականացուցին մասնաւորապէս Եմէնի Սանհա մայրաքաղաքին, ինչպէս նաեւ Հուտայտա եւ Սահտա քաղաքներուն ուղղութեամբ։
Յարձակումներուն զուգահեռ կարճ յայտարարութիւն մը կատարեց ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, որ նաեւ կարեւորեց գրոհները զանոնք համարելով Եմէնի Հուսի (Հութի) ցեղախումբը, (որ այդ երկրին մէջ գերակշռող ուժն է այս օրերուն) զսպելու փորձ մը։
Այս գրոհին ճանապարհը հարթելու համար օր մը առաջ շրջագայութիւն կատարած էր Ամն պետքարտուղար Անթընի Պլինքըն, որ ըստ տարբեր վերլուծողներու փորձած էր ոչ միայն գրոհին համար հող մը պատրաստել, այլ նաեւ ունենալ արաբական ազդեցիկ տէրութիւններու «կանաչ լոյս»ը։
Արաբական ԶԼՄ-ներ, որ այդ մասին տարբեր վարկածներով հանդէս եկան արձանագրեցին այն փաստը, որ համարաբական ընդհանուր լռութեան մը մթնոլորտին մէջ Սէուտական Արաբիան իր օդային տարածքը բացաւ ամերիկ-բրիտանական կործանիչներուն առջեւ, այդպիսով ալ «մասնակից» դառնալով եղած ռազմական քայլերուն։
Նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցները. Նման խօսքի մը ծանօթ ենք բոլորս, որ այս պարագային կարեւոր հնչեղութիւն պիտի ունենայ, մանաւանդ անոր համար որ վերջին երկու-երեք շաբաթներուն Եմէնցիք (անոնց զինեալ խմբաւորումը կը կոչուի՝ «Անսար ալլահ»), կարողացած էին մասամբ խափանել Կարմիր Ծովու մանաւանդ տնտեսական շարժերը։
Անոնք կատարած էին տասնեակ գրոհներ (յատկապէս ԱԹՍ-ներով) այդ կերպով ալ խափանելով Կարմիր Ծովու ճամբով փոխադրութեան գործարքները։
Ամէնէն ուշագրաւն ի հարկէ չորեքշաբթի օր եղած գրոհն էր, որ թիրախ կը դարձնէր այդ ջուրերուն մէջ պարեկութիւն իրականացնող ամերիկեան ռազմանաւ մը։
Այդ քայլով էր կարծես, որ կը հորթէր ամերիկացիներու համբերութեան բաժակը, որմէ ետք ալ Սպիտակ Տուն իր ամենավստահելի գործընկերոջ՝ Անգլիոյ հետ միասին կ՚երթար ծայրայեղական այդ քայլին։
Իրականութեան մէջ ու եթէ փորձենք արագ եւ խորունկ դիտարկում մը կատարել, ապա հարկաւոր է նշենք, որ Հութիները կը համարուին Իրանի կողմէ գործի դրուած վերջին փամփուշտը։ Անոնց ճամբով է նաեւ, որ Թեհրան իր «բարոյական տուրք»ը կու տայ Կազզէյի մէջ սպանդի ենթարկուած պաղեստինցիներուն ու անոնց դատին։
Ու հոս է նաեւ՛ որ կը ծագի մեծ հարցադրումը, թէ այս քայլէն ետք Հուսիները պիտի շարունակեն գրոհել ամերիկեան նաւերու ուղղութեամբ, թէ գոհանան ԱԹՍ-ներու ճամբով «թէրոր»ի մատնելու այն քաղաքացիական-բեռնատար նաւերուն հոսքը դէպի Իսրայէլ։
Հուսիները, որ աւելի վաղ յայտարարած էին, թէ իրենց համար գլխաւոր նպատակը Իսրայէլ ուղղուող բեռնատար նաւերու հոսքին կասեցումն է, այսօր յայտնուած են բաւական բարդ վիճակի մը մէջ, ու այդ բարդութեան զուգահեռ ու համընթաց կրնայ վճռուիլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի մեծ պատերազմի մը բռնկումին հիմնական ճակատագիրը։
Յառաջիկայ օրերը այս առումով իրենց հետ պիտի բերեն մէկէ աւելի յստակեցումներ, եւ այդ բոլորին առընթեր հիմնական խաղացողները տակաւին նոյնն են ՝ Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը։
Սպասենք։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս