image

Իրաքահայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուաւ Ռաֆֆի Երկոյեանին

Իրաքահայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուաւ Ռաֆֆի Երկոյեանին

Խոր սուգի մէջ, Իրաքահայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Երկոյեանին, որ իր երկարամեայ ծառայութեամբ ու նուիրումով իր դրոշմը ձգած էր համայնքային կեանքին վրայ։
Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութիւնը համախմբեց հոգեւոր, ազգային եւ միութենական ներկայացուցիչներ, որոնք աղօթքով ու յարգանքով յիշեցին հանգուցեալի վաստակը։
Ռաֆֆի Երկոյեանի կորուստը խոր ցաւ պատճառեց Իրաքահայ գաղութին, որ անոր մէջ կը տեսնէր նուիրեալ ազգային գործիչ եւ համայնքային պատասխանատու։

Ստորեւ Իրաքի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի  այդ տխուր առթիւ տարածած զոյգ հաղորդագրութիւնները՝

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը, կը գուժէ իր Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Պրն․ Ռաֆֆի Երկոյեանի մահը, որը պատահեցաւ Պաղտատի մէջ, 3 Մայիս 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Յուղարկաւորութիւնը եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, 6-Մայիսին առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա մարմինը պիտի ամփոփուի Պաքուպայի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։ Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Պ․Հ․Ե․Ե․ Միութեան սրահին մէջ, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 5։00-8։00-ը։ Այս տխուր առիթով, Առաջնորդարանս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն և համայն հարազատներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած երկնքի Արքայութեան արժանի ընէ անոր հոգին: 

Այսօր՝ Մայիսի 6-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ննջեցեալ Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Երկոյեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը։ Ներկայութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, կեդրոնական վարչութեան ատեմապետը եւ անդամները, Տհոքի, Զախոյի, Հաւրէզքի, Քէրքուկի, Պասրայի թաղական խորհուրդի ատենապեները, Հոգեւորականաց դասը, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեան Վարչութիւնները ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-Ի Սկաուտութիւնը։ Այս տխուր առիթով Առաջնորդարանս իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ննջեցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Թող Աստուած հանգիստ տայ անոր հոգւոյն։