image

ԱՄՆ վերջին օրերուն երկրորդ անգամ հարուածած է Իրանը

ԱՄՆ վերջին օրերուն երկրորդ անգամ հարուածած է Իրանը

ԱՄՆ-ը երեք օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ հարուածած է Իրանը՝ թիրախ դարձնելով Պանտար Ապպաս ռազմավարական նաւահանգստային քաղաքին մէջ գտնուող զինուորական կառոյցը, կը գրէ BBC-ն։

ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ հարուածներու ընթացքին ոչնչացուած են նաեւ իրանական չորս միակողմանի յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք, ըստ Ուաշինկթընի, «սպառնալիք կը ներկայացնէին Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ»։

ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան համաձայն՝ Պանտար Ապպասի զինուորական կառոյցը խոցուած է այն պահուն, երբ այնտեղ կը պատրաստուէին արձակելու հերթական՝ հինգերորդ անօդաչու թռչող սարքը։

Հարուածները տեղի ունեցած են Հորմուզի նեղուցին մէջ ծաւալած եռամսեայ ճգնաժամին վերջ տալու շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող բանակցութիւններու խորապատկերին վրայ։

Ուաշինկթըն կը յայտարարէ, թէ գործողութիւնները կատարուած են «ինքնապաշտպանութեան նպատակով»։

Իրանը խստօրէն դատապարտած է հարուածները՝ զանոնք անուանելով «զինադադարի կոպիտ խախտում» եւ յայտարարած, որ «թշնամական որեւէ գործողութիւն անպատասխան պիտի չմնայ»։