Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ տակաւին գոհ է Իրանի հետ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքէն։
«Ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ»,– Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն ըսած է Թրամփ։
Համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւններուն մասին խօսելով՝ ԱՄՆ նախագահը չէ բացառած դէպքերու զարգացումը թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական ուղղութեամբ։ «Կրնայ ըլլալ, որ ոչինչ պատահի։ Իսկ կրնայ նաեւ ըլլալ, որ ամէն բան յաջողութեամբ աւարտի։ Յաջողութեան կարելիութիւններ կան մինչեւ այս շաբաթուան վերջը»,– յայտարարած է ան։
Թրամփի խօսքով՝ Իրանը «տեսականօրէն մօտ է համաձայնագիրի ստորագրման»։