Իրանը դիմած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին եւ Անվտանգութեան խորհուրդին՝ կոչ ընելով անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։
Թեհրան յայտարարած է, որ ամերիկեան օդային հարուածները «անմիջական սպառնալիք կը ներկայացնեն միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»։
ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրաւանին իր նամակին մէջ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները հարուածած է Հորմոզկան նահանգի կամուրջները, երկաթուղային կայարանները եւ բնակելի թաղամասերը՝ այդ մէկը որակելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան կոպիտ խախտում։
Իրանի ներկայացուցիչին համաձայն՝ հաստատուած զոհերուն թիւը հասած է 43-ի, որոնց շարքին կան երեք կին եւ մէկ երեխայ։ Վիրաւորներուն մէջ կան 22 կին եւ ինը երեխայ, իսկ 47 հոգի ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին։ Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ յուլիսի սկիզբէն ի վեր վիրաւորներուն ընդհանուր թիւը անցած է 400-ը։
Թեհրան կը պնդէ, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու, մասնաւորաբար փոխադրամիջոցային եւ երկաթուղային ցանցերու թիրախաւորումը պատերազմական յանցագործութիւն է, եւ անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Միացեալ Նահանգները։
Իրաւանին նաեւ զգուշացուցած է, որ եթէ ՄԱԿ-ը անհրաժեշտ քայլեր չձեռնարկէ, Իրանը միջազգային իրաւունքի շրջածիրէն ներս իրեն կը վերապահէ «բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ժողովուրդը եւ կենսական ազգային շահերը»։