image

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն պիտի հանդիպի Թրամփի հետ

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն պիտի հանդիպի Թրամփի հետ

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն մեկնած է Ուաշինկթըն՝ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ բանակցութիւններու համար։ Այս մասին հաղորդուած է հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի յայտարարութեան մէջ։

«Սպիտակ տան մէջ պիտի կայանայ լիբանանա-ամերիկեան գագաթնաժողով՝ Լիբանանի մէջ հրադադարը ամրապնդելու եւ կայունութիւնը վերականգնելու ուղիները քննարկելու նպատակով։ Կողմերը պիտի քննարկեն իսրայէլեան բանակի՝ բռնագրաւուած տարածքներէն դուրսբերման, ինչպէս նաեւ ամբողջ երկրի տարածքին պետական իշխանութեան վերահսկողութիւնը ընդլայնելու հարցերը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Աունի եւ Թրամփի հանդիպումը պիտի յաջորդէ լիբանանա-իսրայէլեան բանակցութիւններու վեցերորդ փուլին, որ տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ՝ յուլիսի 14-15-ին։