image

Ձերբակալուած է հայ-թուրքական սահմանը հատել փորձող պանկալ մը (Լուսանկար)

Ձերբակալուած է հայ-թուրքական սահմանը հատել փորձող պանկալ մը (Լուսանկար)

Հայաստանի մէջ ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան Արտաշատի սահմանապահ ուժերը ձերբակալած են հայ-թրքական սահմանն անօրինական հատած տղամարդը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէն ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութենէն, նախնական ստուգման արդիւնքով պարզուած է, որ սահմանախախտը Պանկլատէշի Ազգային Հանրապետութեան քաղաքացի է:

Ան սահմանուած կարգով փոխանցուած է ՀՀ իրաւապահ ուժերուն: Ներկայիս կ'իրականացուին անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր մանրամասները պարզելու համար: