image

Հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման պարագային. Ֆիտան

Հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման պարագային. Ֆիտան

Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը կրնայ բանալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։ Այս յայտարարութիւնն ըրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։

Դիւանագէտը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի: Այդ կապակցութեամբ թրքական կողմը պէտք է նախապատրաստէ իր սենարը, եթէ այն դրական աւարտի, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։

«Եթէ կարգաւորման գործընթացն աւարտի, մենք պիտի աշխուժացնենք դրական սենարը, այսինքն`կրնանք բանալ մեր սահմանային դարպասները», -ըսած է թուրք նախարարը «Sabah» թերթին:

Հետաքրքիր է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի` յուլիս 30-ին կայացած հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ անոնք կարեւորած են առանց որեւէ նախապայմանի երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շարունակումը: