ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիմատետրի իր էջին տեղեկացուցած է, որ իր «քովիտ»ի քննութեան պատասխանը բացասական է:
«Քովիդ թեստիս պատասխանը վերջապէս վերջնականապէս բացասական է»,- գրած է վարչապետը:
Աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած էր, որ պիտի չմասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին, քանի որ դեկտեմբեր 23-ին քովիտի դրական ախտորոշում ունեցած է: Դեկտեմբեր 23-ին եւ 24-ին ան մեկուսացած է եւ աշխատած է կեցավայրէն: