image

Ձիւն, բուք եւ մառախուղ. Ինչպիսի՞ն է եղանակը Հայաստանի մէջ

Ձիւն, բուք եւ  մառախուղ. Ինչպիսի՞ն է եղանակը Հայաստանի մէջ

Երեւանի մէջ դեկտեմբեր 28-ի ցերեկը, 29-ի գիշերը կը սպասուին տեղումներ, բարձրադիր գօտիին վրայ՝ ձիւն, ցածրադիր գօտիին մէջ՝ թաց ձիւնի եւ ձնախառն անձրեւի տեսքով։

Դեկտեմբեր 29-ի ցերեկը, 30-31-ին, յունուար 1-2-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 

​Մարզերուն մէջ դեկտեմբեր 28-ի ցերեկը շրջաններու զգալի մասին մէջ, 29-ի գիշերն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային եւ նախալեռնային գօտիին մէջ ձիւնի տեսքով, լեռնային առանձին մարզերու մէջ կը սպասուի նաեւ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Դեկտեմբեր 29-ի ցերեկը, 30-31-ին, յունուար 1-2-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Քամին արեւմտեան 2-4մ/վ, 28-29-ին առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 14-18 մ/վրկ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը դեկտեմբեր 29-30-ի գիշերը աստիճանաբար պիտի նուազի 4-6 աստիճանով։