image

Դիլիջանի մէջ արկած. Վթարուած է պատգամաւոր Պապոյեանի ինքնաշարժը

Դիլիջանի մէջ  արկած. Վթարուած է պատգամաւոր Պապոյեանի ինքնաշարժը

26 նոյեմբերին, ժամը 00։15-ի սահմաններուն Երեւանի բնակիչ 34-ամեայ Ռոպերթ Կ․-ն իր վարած Toyota Camry մակնիշի 016 HH 01 համարանիշի ինքնաշարժով Դիլիջան քաղաքի Կալինինի փողոցին վրայ, դեռ անյայտ հանգամանքներով, դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն եւ զարկած ծառին։

Ինչպէս կը յայտնէ լուսանկարիչ-լրագրող Գագիկ Շամշեանը, արկածի հետեւանքով ուղեւոր՝ Երեւանի բնակիչ 34-ամեայ Ա․ Թ-ն մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է «Դիլիջան» բժշկական կեդրոն։

Անմիջապէս գործած են Դիլիջանի հիւանդանոցի բժիշկներու հերթապահ խումբը, որոնք վիրաւորին մինչեւ հիւանդանոց տեղափոխելը, տեղւոյն վրայ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են ։

Արկածի փաստով Դիլիջանի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ։

Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ ինքնաշարժը հաշուառուած է ՀՀ ազգային ժողովի հաշուեկշռին մէջ եւ կը սպասարկէ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ, ԱԺ ֆինանսավարկային եւ պիւտճէտային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Գէորգ Պապոյեանին։

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ան արկածի պահուն եղած է ինքնաշարժին մէջ, բարեբախտաբար՝ չէ տուժած։ Վարորդը տեղւոյն վրայ ենթարկուած է սթափութեան փորձաքննութեան, ան եղած է սթափ։