image

Դարձեալ միջուկային պատերազմի վտանգին մասին. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը ահազանգ հնչեցուց

Դարձեալ  միջուկային  պատերազմի վտանգին  մասին. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը ահազանգ  հնչեցուց

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կը հաւատայ, որ աշխարհը կրկին միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքին դէմ յանդիման է։ Այս մասին ան յայտնած է Հիրոշիմայի աթոմային ռմբակոծման 79-ամեայ տարելիցի առիթով կատարած ուղերձին մէջ, որ յիշատակի արարողութեան ժամանակ ընթերցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Իծումի Նաքամիցուն։

«Միջուկային զէնքը եւ անոր կիրառման սպառնալիքները միայն պատմութեան դասագիրքերու էջերուն մէջ չեն։ Նման ամենօրեայ հռետորաբանութիւն նորէն կը հնչէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ»,- նշած է Կութերիշը՝ ընդգծելով, որ այդ իրական սպառնալիք է, որ այժմ կանգնած է աշխարհի առջեւ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վստահութիւն յայտնած է, որ միջուկային զէնքի սպառնալիքի վերջնական վերացման միակ միջոցը անկէ լրիւ հրաժարիլն է։ «Միջուկային պատերազմի մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ, եւ այդ պատերազմը ոչ մէկ ատեն կարելի է սկսիլ», - նշած է ան։

Կութերիշ իր ուղերձով, ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, չէ յիշատակած Միացեալ Նահանգները որպէս երկիր, որ աթոմային ռմբակոծման ենթարկած է ճափոնական քաղաքները, 1945-ին։

Հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի աթոմային ռմբակոծումները Միացեալ Նահանգները կատարած է Երկրորդ  համաշխարհային պատերազմի աւարտին՝ նպատակ յայտարարելով Ճափոնի անձնատւութեան արագացումը։ Այս մարդկութեան պատմութեան մէջ միջուկային զէնքի մարտական կիրառման միակ օրինակն է։ Միացեալ Նահանգները մինչեւ օրս չընդունիր իր բարոյական պատասխանատւութիւնը՝ այդ գործողութիւնները արդարացնելով «ռազմական անհրաժեշտութեամբ»։