image

Դամասկոսի մէջ. Իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 5-ի

Դամասկոսի մէջ. Իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 5-ի

Դամասկոսի մէջ իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի զոհուած խորհրդականներու թիւը հասած է 5-ի, յայտնած է Mehr ։

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը հաստատած է Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան հարուածի ժամանակ իր քանի մը ռազմական խորհրդականներու մահը։

«Հերթական անգամ չար եւ յանցաւոր սիոնիստական ​​ռեժիմը ներխուժած է Դամասկոս՝ Սուրիոյ մայրաքաղաք»,- ըսուած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի յայտարարութեան մէջ։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանի ըսած է, որ երկիրը օրինական կերպով հետամուտ պիտի ըլլայ խնդրին եւ ինք իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխանելու «կեղծ սիոնիստական ​​ռեժիմի կազմակերպուած ահաբեկչութեան համապատասխան ժամանակին եւ վայրին»։

Յիշեցնենք, որ երէկ, Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու կործանիչները հրթիռային հարուածներ հասցուցած են Դամասկոսի արեւմտեան շրջանին մէջ իրանցի ռազմական խորհրդականներու հանրակացարաններէն մէկուն վրայ, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան մօտ եղած է: